Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընկերակցական Համաձայնագրին Հասնելու Համար Երեւանը Պէտք Է Երկու Խնդիր Լուծէ․ Փորձագէտ

Ընկերակցական Համաձայնագրին Հասնելու Համար Երեւանը Պէտք Է Երկու Խնդիր Լուծէ․ Փորձագէտ

by MassisPost

Պրիւքսէլը շատ հետաքրքրական ձեւով կը նայի Հայաստանին եւ Հայաստանի քայլերուն, որովհետեւ կը հասկնան, որ հայերը իրենք կը տեսնեն՝ Ռուսաստանի կողմէ անվտանգութեան երաշխիքները այնքան ալ ուժեղ չեն, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ Ազատ Եւրոպա Ազատութիւն ռատիոկայանի եւրոպական հարցերով փորձագէտ Ռիքարտ Եոզվիաքը՝ պատասխանելով հարցումին, թէ Հայաստանը կրնա՞յ հասնիլ ԵՄ-ի հետ իր ներկայիս կապերու ընդարձակման՝ աւելի լայն եւ խոր մակարդակի յարաբերութիւններու հաստատման, ինչպիսին ունէին Վրաստանը, Մոլտովան եւ Ուքրանիան, որ կը կոչուի Ընկերակցական համաձայնագիր եւ որ Հայաստանը մերժեց 2013 թուականին։

Ըստ փորձագէտին՝ ԵՄ-ի մէջ կը դիտարկեն տարբերակներ, օրինակ, Հայաստանին աւելի շատ գումար յատկացնելու, գուցէ նոյնիսկ ռազմական օգնութեան ցուցաբերելու տարբերակներ, չի բացառուիր, որ կը դիտարկուին նաեւ վիզայի դրութեան ազատականացման երթալու հնարաւորութիւնը, Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի՝ քիչ մը արդիականացման հնարաւորութիւնը, այն է՝ շարժելով դէպի Ընկերակցական համաձայնագիր։

Բայց, Եոզվիաքի համոզմամբ, այստեղ երկու խնդիր կայ, որ պէտք է Հայաստանը լուծէ՝ մէկը ՀՀ անդամակցութիւնն է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան, միւսը՝ ՀԱՊԿ-ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment