Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մօտ Ապագային Գուցէ Լաւ Նորութիւն Ըլլայ․ Միրզոյեան՝ Հայաստան-Թուրքիա Ցամաքային Սահմանի Բացման Մասին

Մօտ Ապագային Գուցէ Լաւ Նորութիւն Ըլլայ․ Միրզոյեան՝ Հայաստան-Թուրքիա Ցամաքային Սահմանի Բացման Մասին

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան լաւատեսութիւն կը յայտնէ, որ մօտ ապագային դիւանագիտական անցագիր ունեցողներու եւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը բանալու առումով գուցէ լաւ նորութիւն ըլլայ։

Այս մասին վերջինս յայտնեց Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին ընթացքին՝ 2024 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի նախնական քննարկումներու ընթացքին։

Ըստ անոր՝ ՀՀ-ի համար շատ կարեւոր է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացը։ Վերջերս Թեհրանի մէջ ան հանդիպած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարին, նախապէս՝ նաեւ նախկին նախարարին: Կան նաեւ երկու երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներ, «եւ կայ խօսակցութիւն՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին»։

Անդրադառնալով պայմանաւորուածութեան՝ դիւանագիտական անցագիր ունեցողներու եւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար Հայաստան-Թուրքիա միջպետական ցամաքային սահմանը բանալուն՝ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը ըսաւ. «Կ’ուզեմ լաւատեսութիւն յայտնել, որ մօտ ապագային այստեղ գուցէ լաւ նորութիւններ ունենանք»։

Միրզոյեանի խօսքով՝ Հայաստանը շահագրգիռ է իր չորս հարեւաններուն հետ առնուազն կարգաւորուած յարաբերութիւններ ունենալու հարցով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment