Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղի Ունեցած Է Թել Աւիւ-Երեւան Թռիչքը. Իսրայէլէն 190 ՀՀ Քաղաքացի Կը Վերադառնայ

Տեղի Ունեցած Է Թել Աւիւ-Երեւան Թռիչքը. Իսրայէլէն 190 ՀՀ Քաղաքացի Կը Վերադառնայ

by MassisPost

Տեղի ունեցած է Թել Աւիւ-Երեւան թռիչքը, որով Իսրայէլէն Հայաստան տեղափոխուած է ընդհանուր 190 ՀՀ քաղաքացի եւ ազգութեամբ հայ, ընդ որում՝ աւելի քան 70 երեխայ:
Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը:
Աւելի վաղ յայտնած էին, որ, Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանութեան տեղեկացմամբ, Թել Աւիւէն Երեւան քաղաքացիներ պիտի տարհանուին:
Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւէն 220 ՀՀ քաղաքացի Երեւան տեղափոխելու համար յատուկ թռիչքի օդանաւը առաւօտեան 9։36-ին մեկնած էր «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment