Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Ներէ Մեզի, Հայաստան». Ռուսիոյ Ժողովրդական Արուեստագէտ Լիա Ախեճաքովան Ներողութիւն Կը Խնդրէ Հայաստանէն՝ Ռուսիոյ Անգործութեան Համար

«Ներէ Մեզի, Հայաստան». Ռուսիոյ Ժողովրդական Արուեստագէտ Լիա Ախեճաքովան Ներողութիւն Կը Խնդրէ Հայաստանէն՝ Ռուսիոյ Անգործութեան Համար

by MassisPost

Ռուսիոյ ժողովրդական արուեստագէտ Լիա Ախեճաքովան օրերս յայտնած է, որ Ռուսաստանի անգործութեան համար ներողութիւն կը խնդրէ Հայաստանէն. «Իսկ ո՞ւր է մեր բանակը։ Հերթական ամօթը, խոստացան ու լքեցին։ Ներէ մեզի, Հայաստան»։

Նշենք, որ յայտնի դերասանուհին նախորդ տարուընէ, երբ սկսաւ ռուս-ուքրանական պատերազմը, կը հետապնդուի Ռուսաստանի իշխանութիւններուն կողմէ միայն այն բանին համար, որ դէմ արտայայտուած է պատերազմին։ Եւ այդ հասաւ ընդհուպ այնտեղ, որ ճնշման հետեւանքով 85-ամեայ դերասանուհին ազատուեցաւ աշխատանքէն։ Ան 50 տարիի կ’աշխատէր «Սովրեմեննիք» թատրոնին մէջ։

Յիշեցնենք նաեւ, որ սիրուած դերասանուհին վերջերս կը գտնուէր Հայաստանի մէջ, ուր հայ հանդիսատեսին ներկայացաւ իր «Իմ թոռ Պենիամին» ներկայացմամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment