Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Ըստ Ականատեսներու՝ Հարիւր Մարդ Ամբողջութեամբ Մոխրացած Է»․ Ի՞նչ Է Ողբերգական Պայթումին Պատճառը

«Ըստ Ականատեսներու՝ Հարիւր Մարդ Ամբողջութեամբ Մոխրացած Է»․ Ի՞նչ Է Ողբերգական Պայթումին Պատճառը

by MassisPost

Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհին յարակից տարածքին պենզինի պահեստին մէջ տեղի ունեցած պայթումի պատճառներուն մասին պաշտօնապէս դեռ ոչինչ հաղորդուած է: Յայտնի է, որ տարբեր աստիճանի այրուածքներ ստացած է 290 մարդ։ 7 տուժած մահացած է հիւանդանոցին մէջ, կայ 13 անճանաչելի մարմին։

«Բազմաթիւ անձեր անհետ կորսուած կը համարուին, քանի որ պայթումին հետեւանքով այրած են», հաղորդած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը՝ առանց յստակացնելու, թէ խօսքը քանի մարդու մասին է։

Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը խօսած է բազմաթիւ ականատեսներու հետ եւ անոնց յղում ընելով նշած է, որ կրակէն մօտ 100 մարդ մոխրացած է։ Այս տեղեկութիւնը, սակայն, պաշտօնապէս չէ հաստատուած։

«Հաշուի առէք, որ մեծ մասշտաբի պայթում եւ հրդեհ է եղել, ինչքան հասկանում եմ տարբեր տուեալների պատմելուց՝ տասնեակ թոն պենզինի մասին է խօսքը՝ մի քանի խոշոր տարաներում՝ իրար կողք գտնուող», յայտնեց Բեգլարեան:

«Ազատութեան» հարցին՝ իսկ յստակ տուեալներ կա՞ն, թէ քանի մարդ եղած է այդ հերթերուն մէջ, 290 հիւանդանոց տեղափոխուած է՝ տարբեր այրուածքներով, Արտակ Բեգլարեանը պատասխանեց. «Չէ, չունենք, բայց ականատեսներն ասում են՝ հարիւրաւոր, նոյնիսկ ականատես կար, որ ինձ ասում էր՝ հազարից աւելի։ Պաշտօնական մարմինները պէտք է շատ արագ հաշուառեն անհետ կորածներին՝ հարազատների ահազանգերի հիման վրայ, ըստ դրա կողմնորոշուեն, թէ քանի հոգի հաւանական մահացած կը լինի, որովհետեւ, ըստ մասնագէտների, բժիշկների հետ էլ եմ խօսել այդ թեմայով, այնտեղից նոյնիսկ մարմնի մնացորդներ հնարաւոր չէ գտնել, ամբողջութեամբ մոխրացել են կրակի մէջ, իսկ դա նշանակում է, որ որեւէ ձեւով հնարաւոր չէ ոչ քանակ իմանալ, ոչ էլ նոյնականացնել մարդկանց»։

Տեղի ունեցած պայթումէն հարիւրաւոր մարդիկ տուժած են այն պատճառով, որ վառելանիւթ ստանալու նպատակով Արցախի մէջ երկար հերթեր գոյացած են։ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումէն տուժած ու անօգնական վիճակի մէջ յայտնուած մարդիկ ժամերով հերթ կը կանգնին՝ փորձելով պենզին հայթայթել, իրենց հայրենիքը արագ լքելու եւ Հայաստան տեղափոխուելու նպատակով։

Թէ ի՞նչը եղած է պայթումին պատճառը, Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան միանշանակ չէր գիտեր։ Անոր խօսքով՝ «ըստ երեւոյթին տեղի է ունեցել անփութութիւն, յստակ պատասխան տալու համար պէտք է հետաքննութիւն կատարուի»։

Հարցին, թէ արդեօ՞ք կը բացառուի ահաբեկչութեան հնարաւորութիւնը, Արցախի նախագահին խորհրդականը պատասխանեց, որ մասնագէտները պէտք է այդ հարցին պատասխանեն:

«Հիմա տեղում մարդիկ կան, պատմում են, որ անփութութիւն է եղել, բայց պէտք է հետաքննութիւն լինի, մենք արդեօ՞ք ի վիճակի ենք դա անել, հազար ու մի խնդիր կայ», նշեց Բաբայեան:

Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան նոյնպէս պայթումի հաւանական տարբերակ կը համարէ անփութութիւնն ու անկառավարելիութիւնը. «Բնականաբար, չի կարելի բացառել նաեւ հնարաւոր այլ տարբերակներ՝ դիտաւորեալ կամ ոչ-դիտաւորեալ»։

Պայթումէն ծանր այրուածքներ ստացած արցախցիներուն մէկ մասը ուղղաթիռներով արդէն տեղափոխած են Սիսիան, այնտեղէն ալ Երեւանի բժշկական կեդրոններ։ «Ազատութեան» թղթակիցին փոխանցմամբ՝ արդէն 13 մարդ տեղափոխուած է Այրուածքաբանութեան կեդրոն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment