Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կանանց Գումարտակի Համալրման Գործընթացը Կը Շարունակուի

Կանանց Գումարտակի Համալրման Գործընթացը Կը Շարունակուի

by MassisPost

Պաշտպանութեան Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած է 18-27 տարեկան իգական սեռի ներկայացուցիչներու կամաւոր հիմունքներով պարտադիր ժամկէտային զինուորական ծառայութեան ծրագիրը։

Ծառայութեան ժամկէտը 6 ամիս է, որուն ընթացքին ծրագրի մասնակիցները կը ծառայեն բացառապէս ուսումնական զօրամասին մէջ։

Վեցամսեայ ժամկէտը լրանալու կամ մինչեւ լրանալը առողջական վիճակի պատճառով վաղաժամկէտ զօրացրուելու պարագային մասնակիցները պիտի ստանան պատուովճար, 6 ամիսը լրիւ ծառայելու պարագային՝ 1 միլիոն դրամ, իսկ վաղաժամկէտ զօրացրուելու պարագային՝ նշուած գումարը վեց ամսուայ բաժնելու եւ փաստացի ծառայած ամիսներուն թիւով բազմապատկելու արդիւնքով ստացուած չափով։

6-ամսեայ ժամկէտը լրանալէ յետոյ մասնակիցները կրնան ծառայութիւնը շարունակել «Պաշտպան Հայրենեաց» ծրագրով եւ անցնիլ 5 տարի ժամկէտով պայմանագրային զինուորական ծառայութեան՝ այդ պարագային, բնականաբար, օգտուելով «Պաշտպան Հայրենեաց» ծրագրի բոլոր արտօնութիւններէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment