Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Կարծես Համակեդրոնացման Ճամբար Ըլլայ․ Մոռցուած Ճգնաժամը Եւրոպայի Շեմին»․ Telegraph-ի Անդրադարձը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Իրավիճակին

«Կարծես Համակեդրոնացման Ճամբար Ըլլայ․ Մոռցուած Ճգնաժամը Եւրոպայի Շեմին»․ Telegraph-ի Անդրադարձը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Իրավիճակին

by MassisPost

«The Telegraph» բրիտանական յայտնի պարբերականը լայնածաւալ յօդուած հրապարակած է Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին։ Յօդուածը կը կրէ հետեւեալ խորագիրը՝ «Կարծես համակեդրոնացման ճամբար ըլլայ․ մոռցուած ճգնաժամը Եւրոպայի շեմին»։

Յօդուածի հեղինակ Ճեսի Ուիլիըմզ զրուցած է Արցախի քանի մը բնակիչներու հետ, որոնք ներկայացուցած են այնտեղ ստեղծուած ծանր իրավիճակը։

«Եթէ սա շարունակուի, մարդիկ, ի վերջոյ, պիտի մահանան։ Մարդիկ արդէն իսկ կը մահանան։ Այժմ բոլորը հիւանդ են թերսնման պատճառով եւ մինչեւ մահամերձ վիճակի մէջ չըլլան, չեն երթար հիւանդանոց, քանի որ այնտեղ շատ երկար հերթեր են», ըսած է պարբերականի զրուցակիցը Արցախէն։

Յօդուածին հեղինակը կ’անդրադառնայ Արցախեան առաջին պատերազմին եւ 2020թ․-ի Արցախեան երկրորդ պատերազմին, մանրամասն կը ներկայացնէ այն խնդիրները, այդ շարքին՝ սնունդի, դեղորայքի, վառելանիւթի եւ այլ ապրանքներու պակասը, որոնց բախած են Արցախի բնակիչները շրջափակման 8 ամիսներու ընթացքին։ Պարբերականը նաեւ կ’անդրադառնայ Միջազգային Քրէական Դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի զեկոյցին, որուն մէջ վերջինս կը նախազգուշացնէր, որ Ատրպէյճանը ԼՂ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն կը նախապատրաստէ։

«Մենք կորսնցուցած ենք մեր ազատութիւնը, զրկուած ենք մեր իրաւունքներէն։ Այժմ մենք կ’ապրինք համակեդրոնացման ճամբարի մէջ», կը նշէ պարբերականի մէկ այլ զրուցակից Արցախէն։

Յօդուածին հեղինակը նաեւ կը մէջբերէ «Հաշտեցման միջոցներ» կազմակերպութեան կովկասեան ծրագրի ղեկավար Լորենս Պրոերսի խօսքերը, որ կը նշէ, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը «մեծապէս թուլացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի գերիշխանութիւնը եւ Ատրպէյճանին բաւական հնարաւորութիւններ տուած է՝ մարտահրաւէր նետելու այդ գերիշխանութեան»։

Նման տեսակէտ յայտնած է նաեւ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հարցերով խորհրդարանական խումբի նախագահ Թիմ Լութենը։

«Ատրպէյճանը, միանշանակ, օգուտ կը քաղէ այն փաստէն, որ Ռուսաստանը այլ խնդիրներով զբաղած է։ Կասկած չունիմ, որ սա Ատրպէյճանի ցեղային զտման ծրագրին մէկ մասն է, եւ նոյնիսկ եթէ այս փուլին սա ցեղասպանութիւն չէ, ապա, միանշանակ, մէկ քայլ անկէ հեռու է», ըսած է Լութենը։

Յօդուածին մէջ նաեւ անդրադարձ կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակի հարցով Բրիտանիոյ վարած քաղաքականութեան։ Ըստ հեղինակին՝ Բրիտանիան չի դատապարտեր Ատրպէյճանը՝ չնայած Հայաստանի հարցով խորհրդարանական խումբը նման յորդորով դիմած է երկրի արտաքին գործերու նախարար Ճեյմս Քլեվըրլիին։ Վերջինէն պատասխան չէ ստացուած։

Լութենը քննադատած է Միացեալ Թագաւորութեան կողմէ «կոշտ պատասխանի ակնյայտ բացակայութիւնը»՝ ընդգծելով, որ այլ երկիրներ, ինչպիսիք են Ֆրանսան եւ ԱՄՆ-ն, հրապարակայնօրէն դատապարտած են Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը:

«Մեծ Բրիտանիան պէտք է յստակացնէ, որ նախ, սա անընդունելի է, եւ երկրորդ, եթէ անոնք ոչինչ ընեն, ապա պիտի ըլլան հետեւանքներ, որոնք կրնան սկսիլ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներէն», աւելցուցած է բրիտանացի պատգամաւորը:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Բրիտանիոյ լռութեան պատճառը տնտեսութիւնն է․ Բրիտանիան Ատրպէյճանի մէջ ամենամեծ օտարերկրեայ ներդրողն է։ Վերջին 30 տարուան ընթացքին British Petroleum ընկերութիւնը շուրջ 84 միլիառ տոլար ներդրած է Ատրպէյճանի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment