Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամներուն Մեծամասնութիւնը Համակարծիք Է՝ Լաչինի Միջանցքը Պէտք Է Բացուի

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամներուն Մեծամասնութիւնը Համակարծիք Է՝ Լաչինի Միջանցքը Պէտք Է Բացուի

by MassisPost

Առայժմ յստակ չէ`արդեօք ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը երէկ գիշեր շուրջ երկու ժամ շարունակուած քննարկումներէն յետոյ բանաձեւ կամ յայտարարութիւն պիտի ընդունի՞ Ղարաբաղի հարցով: Մինչ այդ, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը իր ելոյթին մէջ յստակ ընդգծեց` ինչ ակնկալիքներով հայկական կողմը նման հրատապ նիստ հրաւիրած է:

«Մենք այս Խորհուրդից ակնկալում ենք դատապարտել քաղաքացիական անձանց նկատմամբ, որպէս պատերազմի մեթոտ, սովի կիրառումը, կոչ անել անյապաղ վերականգնել Լաչինի միջանցքով մարդկանց, փոխադրամիջոցների եւ բեռների տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ համաձայն նախկինում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների, Լեռնային Ղարաբաղ գործուղել կարիքների գնահատման անկախ միջգերատեսչական առաքելութիւն եւ տուժած բնակչութեանը տրամադրել մարդասիրական օգնութիւն», մասնաւորապէս ըսաւ Արարատ Միրզոյեանը:

Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամ 15 երկիրներու ներկայացուցիչներուն գերակշռող մեծամասնութիւնը համակարծիք էր` մարդասիրական խնդիրները չեն կրնար օգտագործուիլ որպէս մահակ 120 հազար մարդու իրաւունքները ճնշելու համար: Դիւանագէտներուն մեծ մասը յստակ կ’ընդգծէր, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի, միւսները, այդ շարքին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահող Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսաստանը, հնարաւոր համարեցին նաեւ այլ երթուղիներու գործարկումը` Լաչինի միջանցքի բացման զուգահեռ:

«Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ’ընենք վերականգնելու Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը։ Առեւտրային, մարդասիրական եւ անձնական փոխադրամիջոցները պէտք է կարենան հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան։ Մենք նաեւ ի գիտութիւն կ’ընդունինք այն, որ հնարաւոր է փոխզիջումներու երթալ այլ յաւելեալ ուղիներու հարցով մարդասիրական մատակարարումներու համար», յայտնեց նիստը նախագահող Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

Ռուսաստանի ներկայացուցիչը պնդեց, որ Մոսկուան կողմերուն դեռ շաբաթներ առաջ նման առաջարկ ներկայացուցած է. «Յուլիս 25-­ին Ատրպէյճանի ու Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներուն հետ հանդիպման ընթացքին ռուսական կողմը առաջարկած է իրատեսական, փոխզիջումային լուծումներ` լարուածութիւնը թօթափելու համար: Խօսքը Աղտամով եւ Լաչինով միջանցքները միաժամանակ բանալու մասին է` քաղաքացիական անձերու եւ ոչ-ռազմական բեռներու տեղափոխման համար: Այդ պիտի ստեղծէ անհրաժեշտ նախադրեալներ Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան միջեւ շուտափոյթ կերպով ուղիղ երկխօսութիւն սկսելու համար»:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը վնաս կը հասցնէ խաղաղութեան գործընթացին, իր հերթին պնդեց Եւրոմիութեան դեսպանը՝ փաստելով, որ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը անցած ամիսներուն զինադադարի խախտման շարք մը դէպքեր արձանագրած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին:

Պաշտօնական Պաքուի ներկայացուցիչը, մինչդեռ, կտրականապէս կը հերքէր մեղադրանքները. «Սովի ու ցեղասպանութեան մասին պնդումները կեղծ են ու մտացածին», յայտնեց Եաշար Ալիեւ:

«Եթէ Հայաստանը իսկապէս հոգ տանէր Ղարաբաղի շարքային բնակիչներուն մասին, երբեք դէմ չէր ըլլար Աղտամ-Խանքենտի ճանապարհին, որ կը հատուի Ատրպէյճանի հիմնական ճանապարհային մայրուղիներէն մէկուն` յայտնի «մետաքսի ճանապարհին», որ յուսալի հաղորդակցութիւն կ’ապահավէ միջազգային շուկաներուն հետ: Ի տարբերութիւն Լաչին-Խանքենտի 59 քմ ճանապարհին, որ կ’անցնի լեռնային գալարապտոյտ ճանապարհներով, Աղտամի ու Խանքենտիի միջեւ հեռաւորութիւնը ընդամէնը 18 քմ է», ըսաւ ատրպէյճանցի դիւանագէտը:

Թուրքիոյ դեսպանը, կրկնելով ատրպէյճանցի գործընկերոջը, Լաչինի մասին խօսելու ժամանակ «միջանցք» եզրը որեւէ անգամ չօգտագործեց, պնդեց, որ այդ Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածքն է, եւ Պաքուն իրաւասու է քայլեր ձեռնարկել սեփական անվտանգութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու համար: Խուսափելով մարդասիրական խնդիրներու մասին խօսելէ` թուրք դիւանագէտը միաժամանակ հարկ համարեց ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ընդգծել, որ Անգարան հաշտեցման գործընթաց սկսած է Հայաստանի հետ եւ յոյս ունի, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու պատմական հնարաւորութիւնը չկորսուի:

Քննարկումներու աւարտին Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն «Ազատութեան» փոխանցեցին, որ կողմերուն փաստարկները, ինչպէս նաեւ Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամներուն դիրքորոշումները լսելէ յետոյ, շրջանառութեան մէջ կրնայ դրուիլ բանաձեւի կամ յայտարարութեան բնագիր: Այս հարցով յստակութիւն, սակայն, տակաւին չկայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment