Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Այժմ Առաջնահերթ Խնդիրն Է Դադրեցնել ԼՂ Հայերու Ցեղասպանութիւնը. Օքամփօ

Այժմ Առաջնահերթ Խնդիրն Է Դադրեցնել ԼՂ Հայերու Ցեղասպանութիւնը. Օքամփօ

by MassisPost

Այժմ առաջնահերթ խնդիրն է դադրեցնել, Ցեղասպանութեան յանցագործութեան նախազգուշացման եւ անոր համար պատիժի մասին ուխտի Բ. յօդուածին համաձայն, արդէն իսկ իրականացուած ցեղասպանութիւնը՝ Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակելու եւ սպանութիւններու միջոցով նոր ցեղասպանութիւնը կանխելու ճանապարհով։ Այս մասին Թուիթըրով յայտնած է Միջազգային Քրէական Դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօն՝ կրկին մեկնաբանելով իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։

Աւելի վաղ Օքամփօն հրապարակած էր իր եզրակացութիւնը՝ Լաչինի միջանցքին փակումը գնահատելով որպէս Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ցեղասպանութիւն։

Նոր գրառման մէջ ՄՔԴ նախկին դատախազը յիշեցուցած է, որ Ցեղասպանութեան մասին ուխտի մասնակից 153 պետութիւններ պարտաւորուած են կանխելու ցեղասպանութիւնը եւ պատժելու անոր համար։ Այդ երկիրներու շարքին են այն պետութիւնները, որոնք կը հանդիսանան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի մշտական անդամներ (Ռուսաստան, ԱՄՆ, Ֆրանսա)։

Այս ծիրին մէջ ան նշած է, որ Հայաստանը դիմած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ արտակարգ նիստ կայացնելու խնդրանքով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment