Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Յայտ Ներկայացուցած է 14 Քաղաքական Ուժ

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Յայտ Ներկայացուցած է 14 Քաղաքական Ուժ

by MassisPost

Սեպտեմբեր 17-ին կայանալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացուցած է 14 քաղաքական ուժ՝ 13 կուսակցութիւն եւ մէկ դաշինք։ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը մինչեւ Օգոստոս 18 պէտք է ստուգէ ներկայացուած փաստաթուղթերն ու վերջնական ցուցակները կազմէ։

Վերջին 20 տարուան ընթացքին առաջին անգամ քաղաքապետի ընտրութիւններուն չի մասնակցիր խորհրդարանական ընդդիմութիւնը։ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու հիմնական ուժերը՝ Դաշնակցութիւնն ու Հանրապետականը, տեւական լռութենէ յետոյ օրերս հաստատեցին, որ պիտի չմասնակցին։ Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած ՀՀԿ-ն իր անդամներուն կոչ ըրաւ սատարելու բացառապէս իրական ընդդիմադիր հայեացքներով ազգային ուժերուն, Դաշնակցութիւնը չյստակացուց, թէ որուն պիտի սատարէ, միայն նշեցին, թէ առաջադրումներէն եւ արձանագրուած թեկնածուներու ծրագիրներու հրապարակումէն յետոյ հանդէս պիտի գան յաւելեալ յայտարարութեամբ։

ԿԸՅ փաստաթուղթեր տարած 14 ուժերը արդէն ներկայացուցած են քաղաքապետի թեկնածուներուն, ոմանք հրապարակած են նաեւ ընտրական ցուցակները։

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագրի» առաջին թիւը փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեանն է, այս մասին իշխանութիւնները յայտարարած էին դեռ մէկ տարի առաջ։ Նախապէս փոխվարչապետի պաշտօնը զբաղեցուցած 34-ամեայ Աւինեանը մէկ տարի առաջ փոխքաղաքապետ դարձաւ եւ մինչեւ օրս հանրային միջոցառումներուն, հանդիպումներուն ու նոյնիսկ կառավարութեան նիստերուն քաղաքապետի պաշտօնակատարի փոխարէն ինք կը մասնակցի։

«Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը արդէն իսկ աշխոյժ քարոզչութիւն սկսած է։ Օրերս Աւինեանը «կազելի» ղեկին նստած էր։ Ընկերային ցանցերու օգտատէրերը շատ արագ նկատեցին՝ Աւինեանը ամրագօտի չէր կապած, կանգնած ուղեւորներ կը փոխադրէր, «Սիվիլնեթ»ն ալ պարզեց, որ քաղաքապետի թեկնածուն «կազել» վարելու վարորդական իրաւունք չունի։ Իշխող կուսակցութեան պաշտօնական էջը այս օրերուն ողողուած է մայրաքաղաքի տարբեր վարչական շրջաններու մէջ կատարուած աշխատանքներու մասին տեսանիւթերով։

2021-ին իշխող ուժին կողմէ պաշտօնանկ եղած Հայկ Մարութեանը հանրութեան անյայտ Ազգային Առաջընթաց Կուսակցութեան առաջին թիւն է։ Շուրջ 5 տարի առաջ հիմնադրուած կուսակցութիւնը ընտրութիւններու հարուստ փորձ չունի, մինչեւ այս միայն մէկ մեծ ընտրութիւններու մասնակցած են՝ 2018-ի արտահերթ խորհրդարանականին՝ հաւաքելով ձայներու 0,33 տոկոսը։ Ազգային Առաջընթացի երկրորդ թիւը կուսակցութեան վարչութեան անդամ, իրաւաբան Հայկ Գրիգորեանն է։

Քաղաքապետ կ’ուզէ դառնալ նաեւ Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեանը, որ օրերս յայտնեց, թէ կը հրաժարի պատգամաւորի մանտաթէն։ Ան կը գլխաւորէ ընտրութիւններուն ընդառաջ հիմնուած «Մայր Հայաստան» դաշինքը, որու կազմին մէջ է նաեւ նախկին պատգամաւոր Զարուհի Փոստանճեանի «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութիւնը։ Վերջինս ընտրացուցակին մէջ երկրորդ թիւն է։

«Ապրելու Երկիր»ի քաղաքապետի թեկնածուն կուսակցութեան նախագահ Մանէ Թանդիլեանն է։ 45-ամեայ քաղաքական գործիչը երկու անգամ պատգամաւոր ընտրուած է, շուրջ կէս տարի ալ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մէջ զբաղեցուցած է աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնը։ Կուսակցութեան ընտրացուցակով երկրորդ թիւը Մեսրոպ Առաքելեանն է, որ նոյնպէս կարճ ժամանակ ղեկավարած է Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցերու Նախարարութիւնը։ Այս ուժը եւս սկսած է քարոզչական աշխատանքները։

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացուցած է նաեւ «Լուսաւոր Հայաստան»ը, որուն առաջին թիւը աւագանիի անդամ Դաւիթ Խաժակեանն է։ 29-ամեայ քաղաքապետի թեկնածուն նոյնպէս աշխոյժ քարոզչութիւն կ՛իրականացնէ, կը խօսի մայրաքաղաքի խնդիրներուն մասին։

«Հանրապետութեան» ցուցակն ալ կը գլխաւորէ արդարադատութեան նախկին նախարար, իրաւաբան Արտակ Զէյնալեանը, որ հայ գերիներուն շահերը կը ներկայացնէ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին մէջ:

ԿԸՅ փաստաթուղթեր ներկայացուցած են նաեւ «Միացեալ Հայաստան», «Հայաստանի Եւրոպական», «Ժողովրդավարական Համախմբում», «Յանուն Սոցիալական Արդարութեան», «Ուժը Հայրենեաց», «Յաղթանակ» «Հանրային Ձայն» եւ «Արդար Հայաստան» կուսակցութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment