Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Կառավարութիւնը 2,5 Միլիառ Դրամէն Աւելի Յաւելեալ Գումար Յատկացուց Զինուած Ուժերու Կարիքներու Բաւարարման

ՀՀ Կառավարութիւնը 2,5 Միլիառ Դրամէն Աւելի Յաւելեալ Գումար Յատկացուց Զինուած Ուժերու Կարիքներու Բաւարարման

by MassisPost

ՀՀ կառավարութիւնը որոշեց վերաբաշխում կատարել եւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան յատկացնել յաւելեալ աւելի քան 2,5 միլիառ դրամ։

Համապատասխան որոշման նախագիծը, որ  կառավարութեան նիստի չզեկուցուող հարցերու շարքին էր, ստացաւ հաւանութիւն:

Նախագիծի հիմնաւորումներուն մէջ կ’ըսուի, որ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ընթացիկ գործունէութեան ապահովման եւ ոչ-ֆինանսական հաշիւներու ձեռքբերման հարցով անհրաժեշտութիւն յառաջացած է 2023-ի պետական պիւտճէով չնախատեսուած առաջնահերթ ծախսերու ֆինանսաւորման ուղղել 2,521,948.1 հազար դրամ:

Որոշման նախագիծով կը նախատեսուի կատարել վերաբաշխում, որ պիտի ուղղուի ՀՀ Զինուած Ուժերու կարիքներու բաւարարման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment