Home Uncategorized Պորէլ. Աղտամի Ճանապարհը Լաչինի Միջանցքի Վերաբացման Այլընտրանք Չէ

Պորէլ. Աղտամի Ճանապարհը Լաչինի Միջանցքի Վերաբացման Այլընտրանք Չէ

by MassisPost

Աղտամի ճանապարհը պէտք չէ դիտարկուի որպէս Լաչինի միջանցքի վերաբացման այլընտրանք, յայտնած է Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլը:

Պորէլ կը շեշտէ, որ «Եւրոմիութիւնը խորապէս մտահոգուած է նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ բնակչութեան վրայ ազդող լուրջ մարդասիրական իրավիճակով»:

«Լաչինի միջանցքով տեղաշարժը խոչընդոտուած կը մնայ աւելի քան եօթը ամիսէ՝ հակառակ զայն վերաբանալու մասին Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի հրամանին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

«Բժշկական պարագաներն ու առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքները բաւարար չեն կամ արդէն սպառած են, ինչ որ սարսափելի հետեւանքներ պիտի ունենայ տեղի բնակչութեան համար: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պարտաւոր են անյապաղ երաշխաւորել անվտանգութիւնն ու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքիպ երկայնքով եւ թոյլ չտալ ճգնաժամի հետագայ սրացում», կ’ընդգծէ ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուն՝ շարունակելով.

«Մենք ի գիտութիւն ընդունած ենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն յայտնած պատրաստակամութիւնը՝ ապրանքներ մատակարարել նաեւ Աղտամ քաղաքով։ Սա պէտք չէ դիտարկուի որպէս Լաչինի միջանցքի վերաբացման այլընտրանք»։

Պորէլ նաեւ կը նշէ, որ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին գործունէութիւնը տարածաշրջանին մէջ լրջօրէն տուժած է, եւ կոչ կ’ընէ վերսկսելու զայն՝ ներառեալ հիւանդներուն տեղափոխումն ու մարդասիրական մատակարարումները: Մարդասիրական հասանելիութիւնը պէտք չէ քաղաքականացուի որեւէ դերակատարի կողմէ, կը շեշտէ Պրիւքսէլը:

«Եւրոմիութիւնը եւ մասնաւորապէս Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը մեծապէս ներգրաւուած եղած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին աջակցելու, ինչպէս նաեւ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան խթանման գործին մէջ: Կը պահանջուի նաեւ բոլոր կողմերուն անկեղծ հաւատարմութիւնը բանակցութիւններու արդիւնքներուն եւ ընդհանուր շահերուն ու փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած ապագային», ըսուած է Եւրոմիութեան բարձր ներկայացուցիչին յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment