Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Պաքուն Հող Կը Նախապատրաստէ ԼՂ-ի Մէջ Հերթական Նախայարձակ Գործողութիւններու»․ ՀՀ ԱԳՆ

«Պաքուն Հող Կը Նախապատրաստէ ԼՂ-ի Մէջ Հերթական Նախայարձակ Գործողութիւններու»․ ՀՀ ԱԳՆ

by MassisPost

Առկայ են լրջագոյն մտահոգութիւններ, որ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, ի հեճուկս իր իսկ կողմէ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւններուն, հող կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հերթական նախայարձակ գործողութիւններու եւ ցեղային զտումներու իրականացման համար, յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը` վկայակոչելով Պաքուէն տեւական ժամանակ հնչող յայտարարութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ` ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, ԼՂ պաշտպանութեան բանակին կողմէ հրադադարի խախտումներուն վերաբերեալ:

Ընդգծելով, որ ռուս խաղաղապահներու կողմէ հրապարակուող տեղեկատուական նիւթերուն մէջ արձանագրուած են զինադադարի` միայն ատրպէյճանական կողմէ խախտումներ` Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը կը նշէ, որ ուժի կիրառման հերթական գործողութիւնները իրականացնելէ առաջ Պաքուն կ’ապահովէ անոնց «տեղեկատուական նախապատրաստումը» եւ ապագայ գործողութիւններուն պատասխանատուութիւնը արհեստականօրէն ի սկզբանէ վերագրումը միւս կողմին:

Վերջին շաբաթներուն գրեթէ ամէն օր Պաքուն կը հաղորդէ, որ Արցախէն ու Հայաստանէն կը գնդակոծեն ատրպէյճանական դիրքերը: Երեւանն ու Ստեփանակերտը կը հերքեն Պաքուի պնդումները` ատրպէյճանական կողմը մեղադրելով զինադադարի խախտման մէջ:

Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը ռուս խաղաղապահ ուժերուն կոչ կ’ընէ խստագոյնս հետեւելու զինադադարի պահպանման եւ հետաքննելու Ատրպէյճանի կողմէ հնչեցուող բոլոր դէպքերը` հանրայնօրէն ներկայացնելով իրերուն ամբողջ դրութիւնը:

Երեւանը կը վերահաստատէ իր դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, որ, ըստ ԱԳՆ-ի, եւս կրնայ հաւաստի եւ անկողմնակալ տեղեկատուութիւն տրամադրել ինչպէս կողմերուն միջեւ շփման գիծի իրավիճակին վերաբերեալ, այնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկայ մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերեալ:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը վստահ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան հարցերի հասցէագրումը միջազգային մեխանիզմի շրջանակներում Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջոցով հրատապ է եւ անյետաձգելի», կը յայտարարէ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը եւ միջազգային հանրութեան կոչ կ’ընէ աջակցելու այս գործընթացին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment