Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Տնտեսութեան Նախարարը Զբօսաշրջիկներու Այցելութիւններուն Առումով Մրցանշային Տարի Կը Կանխատեսէ

ՀՀ Տնտեսութեան Նախարարը Զբօսաշրջիկներու Այցելութիւններուն Առումով Մրցանշային Տարի Կը Կանխատեսէ

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը զբօսաշրջիկներու այցելութիւններու առումով մրցանշային տարի կը կանխատեսէ, եթէ անոր համար լուրջ խոչընդոտներ չըլլան:

Քերոբեանը այս մասին ըսաւ խորհրդարանին մէջ պիւտճէտային քննարկումներու ժամանակ:

Ան յայտնեց, որ 2023 թուականի առաջին չորս ամիսներուն Հայաստան այցելած է 630 հազար զբօսաշրջիկ, որ 35 տոկոսով բարձր է 2019 թուականի ցուցանիշէն: «Սա թոյլ է տալիս մտածել, որ մենք կ’ունենանք մրցանշային տարի, եթէ լուրջ խոչընդոտներ չլինեն», ըսաւ նախարարը:

10 տարի առաջ կատարուած հետազօտութեան համաձայն` մէկ զբօսաշրջիկը Հայաստանի մէջ կը ծախսէր 800 տոլարին մօտ գումար: Նախարարութիւնը նոր հետազօտութիւն ըրած է, արդիւնքները տակաւին վերջնական ամփոփուած չեն, բայց Քերոբեան նշեց, որ հիմա մէկ զբօսաշրջիկը Հայաստանի մէջ կը ծախսէ 1200 տոլար գումար:

Նախարարին խօսքով` փոխուած են նաեւ զբօսաշրջիկներուն սովորոյթները: Զբօսաշրջիկները աւելի շատ սկսած են տուներ վարձել, պանդոկի վրայ ծախսուելիք գումարները խնայել եւ զանոնք ուրիշ տեղ ծախսել:

Քերոբեան ընդգծեց, որ զբօսաշրջութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ տարբեր ձեւերով կը զարգանայ: «Բայց պէտք է ի նկատի ունենալ, որ զբօսաշրջութիւնը մասսայական շուկայում պահելու դէպքում այդ ոլորտում ներգրաւուած կը լինի բաւականին շատ մարդ, իսկ դա կարող է ազդել երկրի ընդհանուր աշխատանքի արտադրողականութեան վրայ: Մեր նպատակն այն է, որ մենք մեր զբօսաշրջութիւնն աժան հատուածից տեղափոխենք միջին, միջինից բարձր հատուած, որպէսզի ոչ այդքան շատ քանակի մարդ ներգրաւուած ունենալով այդ ոլորտում` ապահովենք անհրաժեշտ տնտեսական եւ ֆինանսական ցուցանիշներ»:

Նախարարը աւելի վաղ յայտնած էր, որ 2022 թուականին Հայաստան այցելած է 1 միլիոն 660 հազար զբօսաշրջիկ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment