Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի պատուիրակութիւնը այցելեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ` Յովնան Արք. Տէրտէրեանին շնորհաւորելու համար զինք` իր վերընտրութեան առթիւ:
Հանդիպումի ընթացքին եղան կարծիքներու փոխանակում համայնքային տարբեր հարցերու շուրջ:
Երկուստեք մտահոգութիւն յայտնուեցաւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող կացութեան մասին եւ կարեւոր նկատուեցաւ որ, Լոս Անճելըսի Հայ Համայնքը մնայ միասնական:
Հնչակեան պատուիրակները ներկայացուցին կուսակցութեան յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ ծանօթացան Առաջնորդարանի կողմէ ծրագրուող աշխատանքներուն: Որոշեցաւ սերտացնել երկկողմ համագործակցութիւնը:
ՍԴՀԿ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ընկերներ` Վազգէն Խոտանեան, Միհրան Խաչատուրեան, Վահէ Աջապահեան եւ ընկերուհի Կարինէ Տէփոյեան:
Հանդիպումին ներկայ էր Յովնան Սրբազանի օգնական` Տէր Երեմիա Վարդ. Աբգարեան: