Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչո՞ւ Կ՛աղմկէ Ալիեւ

Ինչո՞ւ Կ՛աղմկէ Ալիեւ

by MassisPost

«Եթէ Հայաստան իսկապէս խաղաղութիւն կ՛ուզէ Ատրպէյճանի հետ, ապա ինչո՞ւ պէտք է հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու զէնք գնէ», ըսած է Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ խօսքր ուղղելով Հնդկաստանի դեսպանին, նկատի առնելով որ, վերջին շրջանին այդ երկիրը դարձած է Հայաստան զէնք վաճառող գլխաւոր երկիրը՝ չըսելու համար միակը:

Ալիեւ կը բողոքէ Հայաստանի ծախսած գումարներու մասին երբ, իր երկրի պաշտպանութեան պիւտճէն մօտ երեք անգամ աւելի է քան Հայաստանինը: 2023 թուականի համար Ատրպէյճան յատկացուցած է 3.1 միլիառ տոլար, մինչ Հայաստանի այս տարուայ պիւտճէով բանակին համար նախատեսուած է 1.28 միլիառ տոլար: Ալիեւի տրամաբանութեամբ՝ իր երկիրը աւելի նուազ հետամուտ է խաղաղութեան՝ քան Հայաստանը, նկատի առնելով որ, Ատրպէյճան  կը շարունակէ իր քարիւղէն ու կազէն գոյացած  եկամուտները ծախսել սպառազինութեան վրայ, փոխանակ այդ գումարները յատկացնելու իր ժողովուրդի բարօրութեան: Հայաստան պարզապէս պաշտպանուելու համար կը կը փորձէ ետ չմնալ մրցավազքէն:

Պատմութեան ընթացքին միշտ ինքզինք աւելի ուժեղ նկատող երկիրն է որ, յարձակած է իրմէ տկարին վրայ, որպէսզի կարողանայ զէնքի ուժով իր կամքը պարտադրել դիմացինին: Այժմ, նոյնը կ՛ընէ Ատրպէյճան՝ նախ յարձակելով Լեռնային Ղարաբաղի վրայ եւ ապա խախտելով Հայաստանի ինքնիշխան սահմանները:

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը եկաւ բացայայտելու որ, վերջին տասնամեակներուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական հաւասարակշռութիւնը խախտած է՝ ի նպաստ վերջինին:  Շուէտի մայրաքաղաք Սթոլքոլմի մէջ գործող՝ Միջազգային Խաղաղութեան Ուսումնասիրութեան Հիմնարկի 2021-ի տուելներուն համաձայն, 2011-2020 տարիներու ընթացքին Պաքու ներմուծած է 3.274 միլիառ տոլարի զէնք. իսկ նոյն ժամանակաշրջանին Հայաստան՝ ընդհանուր  398 միլիոն տոլար ծախսած է այդ նպատակին համար: Իսկ այդ գումարին 248 միլիոնը՝ 2019-ին, այսինքն՝ իշխանափոխութենէն ետք: Ռազմական հաւասարակշռութիւն խախտումը գլխաւոր գործօնն էր Հայկական բանակի կրած պարտութեան ու մեր ժողովուրդի այսօրուն դիմագրաւած վիճակին համար:

Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայիս ջանք չի խնայեր Հայկական Բանակը արդիականացնելու եւ հզօրացնելու համար: 1.28 միլիառ տոլարը մեծ գումար է Հայաստանի նման երկրին համար, սակայն Պաքուէն հնչող սպառնալիքները ու սահմանի վրայ ամենօրեայ կրակոցները կը ստիպեն, որպէսի Հայաստան հսկայական գումարներ ծախսէ իր բանակին վրայ: Այսօր Հայոց բանակի վիճակը պիտի ըլլար շատ աւելի բարենպաստ, եթէ Ռուսական զէնքերը, որոնց համար երկու տարի առաջ վճարուած  էին հարիւրաւոր միլիոն տոլարներ, հասած ըլլային Հայաստան:

Վերջին շրջանին Ատրպէյճան սկսած է նաեւ ապատեղեկութիւն տարածել ըսելով թէ, սահմանային կռիւներու ընթացքին Հայկական բանակը կ՛օգտագործէ իրանեան անօդաչու թռչող սարքեր (ԱԹՍ): Իրանի անունը մտցնելով Պաքու կը փորձէ Արեւմուտքի մօտ ձգել այն տպաւորութիւնը, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ կայ ռազմական դաշինք, ինչ որ իրականութեան չի համապատասխաներ:  Հայկական բանակը եթէ կ՛օգտագործէ ԱԹՍ-ներ, ապա անոնք հայ գիտնականներու կողմէ պատրաստուող տեղական արտադրութեան ռազմական սարքեր են:

Այո՛ Ալիեւ իրաւունք ունի մտահոգուելու եւ բողոքելու: Կը մօտենայ այն օրը, երբ Հայկական բանակը պիտի կարողանայ վերջ տալ Ատրպէյճանի ազատ ու սանձարձակ գործելաոճին  ու այդպիսով խաղաղութիւն պարտադրէ հակառակորդին: Ինչպէս յաճախ ըսուած է՝ խաղաղութեան հասնելու ամէնէն կարճ ճանապարհը պատերազմի պատրաստուիլն է: Այդ է որ կ՛ընէ Հայաստան ներկայիս:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment