Մոսկուան բացարձակապէս անընդունելի կը համարէ Միջազգային Քրէական Դատարանի (ՄՔԴ) Հռոմի կարգավիճակին միանալու Երեւանի ծրագիրները: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան աղբիւրը:
«Մոսկուան բացարձակապէս անընդունելի կը համարէ պաշտօնական Երեւանի` Միջազգային Քրէական Դատարանի Հռոմի կարգավիճակին միանալու ծրագիրները` Ռուսիոյ ղեկավարութեան դէմ ՄՔԴ-ի «հրահանգներու լոյսին տակ», ըսած է աղբիւրը:
Աղբիւրը ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ այն փաստին վրայ, որ հայկական կողմին զգուշացուած է երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ Երեւանի հնարաւոր քայլերու «չափազանց բացասական» հետեւանքներուն մասին:
Յիշեցնենք, որ Մարտ 24-ին Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանը հրապարակած էր որոշում, որուն համաձայն` հանրապետութեան պարտաւորութիւնները, որոնք ամրագրուած են ՄՔԴ Հռոմի կանոնադրութեամբ, համահունչ են երկրի հիմնարար օրէնքին` Սահմանադրութեան:
Յիշեցնենք նաեւ, որ Մարտ 17-ին ՄՔԴ-ն ձերբակալութեան հրահանգ տուած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ նախագահի` երեխաներու իրաւունքներու յանձնակատար Մարիա Լվովա-Պելովային` ուքրանացի երեխաներու ապօրինի արտաքսման մեղադրանքով:
Մեկնաբանելով այս որոշումը` Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով նշած էր, որ Մոսկուան չի ճանչնար ՄՔԴ-ի իրաւասութիւնը: Իր հերթին, Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան, խօսելով Լահայէն ստացուած տեղեկատուութեան մասին, ըսած էր, որ ՄՔԴ որոշումները Ռուսիոյ համար որեւէ նշանակութիւն չունին, հնարաւոր ձերբակալութեան հրահանգը իրաւաբանօրէն անվաւեր են: