Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Թաթուլ Յակոբեան Ներկայացուց Ւրավիճակը` Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Թաթուլ Յակոբեան Ներկայացուց Ւրավիճակը` Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

by MassisPost

Այս օրերուն Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի հայրենի ծանօթ մտաւորական եւ վերլուծաբան, լրագրող, հայկական ուսումնասիրութիւններու Անի Կեդրոնի համակարգող Թաթուլ Յակոբեան: Ան ԱՄՆ-ի շարք մը քաղաքներու հայ հասարակութեան հետ հանդիպումներ եւ քննարկումներ պիտի ունենայ:

Այդ ծիրէն ներս, Մարտի 15-ին, 2023, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Փասատինայի Հ.Կ.Բ.Մ.ի կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ ՍԴՀԿ քաղաքական դիւանի: Ընտրանի բազմութեան մէջ կը գտնուէին Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցուեթան կեդրոնական վարչութեան եւ շրջանի ղեկավարուեթան ու ենթակառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Օրուան հանդիսավար իրաւաբան Գրիգոր Մոլոյեան իր բացման խօսքին մէջ, ողջունելէ ետք ներկաները, ամփոփ գիծերով ներկայացուց հիւր զեկուցաբեր յայտնի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանը:

Հայրենի հիւրը` իր ելոյթին մէջ, նախ համաղօտ ակնարկ մը նետեց Հայաստանի եւ Արցախի վերջին տասնամեակներու տիրող իրավիճակին եւ արցախեան 44 օրուան պատերազմին տուն տուող պաճառներուն եւ հետեւանքներուն: Ան առանձնապէս պախարակեց նախորդ իշխանութիւններու որդեգրած սխալ ռազմավարութիւնները, յատկապէս Ռ. Քոչարեանի օրով եւ անկէ ետք ալ Հայկական բանժակին վարած անփոյթ մարտավարութիւնները, պատճառ դառնալով Ատրպէյճանի նախայարձակումներուն եւ հազարաւոր զոհերուն: Ան վերապահութիւն յայտնեց Արցախի եւ Հայաստանի բանակցութիւններուն միաժամանակ նշելով ներքին հակասութիւնները:  Եզրակացութեան մէջ կարեւորեց հայկական բանակի վերազինումը եւ զայն արդիական սարքաւորումներով օժտելու հրամայականը:

Սոյն շահեկան ասուլիսի աւարտին` օրուան զեկուցաբերը պատասխանեց ներկաներուն կողմէ եղած հարցումներուն, որոնք բնականաբար, առնչութիւն ունէին Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ պայթումային իրավիճակին եւ մօտաւոր ապագայի կանխագուշակութիւններուն հետ:

Աւարտին` տեղի ունեցած հիւրասիրութեան ընթացքին ներկաները մօտէն ծանօթացան Թաթուլ Յակոբեանին եւ զրուցեցին հայրենիքը, Արցախն ու սփիւռքը յուզող հարցերու մասին: Այս առթիւ ներկաները կրցան ունենալ Թաթուլ Յակոբեանի եւ Անի Կեդրոնի հրատարակութիւններէն օրինակներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment