Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետի Մամլոյ Ասուլիսի Հետքերով

Վարչապետի Մամլոյ Ասուլիսի Հետքերով

by MassisPost

Մարտ 14-ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կատարեց ուշագրաւ յայտարարութիւններ՝ պատասխանելով լրագրողներու սուր հարցերուն յատկապէս ընդդիմադիր լրատուամիջոցները ներկայացնող թղթակիցներուն կողմէ:

Իր բացման խօսքին մէջ վարչապետը անդրադարձաւ նախորդ տարուայ ընթացքին երկրի դիմագրաւած խնդիրներուն եւ տնտեսական գետին վրայ արձանագրուած նուաճումներուն: Ըստ վարչապետին, կառավարութեան գործունէութեան առանցքային մարտահրաւէրը կը շարունակէ մնալ արտաքին անվտանգութեան ապահովումը՝ Սեպտեմբերի 13-ին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք յարձակումին, նոր պատերազմի սպառնալիքի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող իրավիճակի լոյսին տակ:

Ինչ կը վերաբերի ձեռք ձգուած դրական արդիւնքներուն, Փաշինեան  2022 տարին նկատեց լայնածաւալ բարեփոխումներու տարի, որոնց արդիւնքով արձանագրուած է  վերջին 15 տարիներու համար աննախադէպ՝ 12,6 տոկոս տնտեսական աճ,  պետական պիւտճէի հարկային եկամուտները կազմած են աւելի քան 5 միլիառ տոլար, շարունակուած է նոր աշխատատեղերու թուի աճը:

Այս բոլորով հանդերձ Փաշինեան չվարանեցաւ յայտարարելու որ, Յեղափոխութիւնը չէ հասած իր բոլոր նպատակներուն, սակայն  այդ ուղղութեամբ պայքարը կը շարունակուի:

Ասուլիսի ընթացքին մեծ տեղ յատկացուած էր անվտանգային եւ նոր պատերազմի հաւանականութեան վերաբերեալ հարցերուն: Այս ուղղութեամբ Փաշինեան շեշտեց, որ իր եզրակացութիւնը այն է թէ, Ատրպէյճանի աւելի ու աւելի յարձակողական դարձող հռետորաբանութիւնը եւ որոշակի այլ տուեալներ ենթադրել կու տան որ, նոր պատերազմի վտանգը այժմ բաւականին մեծ է ե՛ւ Հայաստանի սահմանին ե՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին, ուր վերջին օրերուն Ազերի զօրքերը յարձակում գործելով սպանեցին երեք Հայ ոստիկաններ:

Պատերազմի հաւանականութեան մասին վերջին օրերուն կը խօսին նաեւ Ամերիկեան պաշտօնական աղբիւրները: Երկրի հետախուզական ծառայութիւնները Գինկրէսին  ներկայացնելով իրենց տարեկան զեկոյցը զգուշացուցին, որ Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն մէջ իր նպատակներուն հասնելու համար Ատրպէյճան    պատրաստ է ռազմական ճնշում գործադրելու: Նման վտանգի մասին խօսեցաւ նաեւ  Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս Հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը բնութագրելով որպէս՝ «նուրբ՝ հակուած բռնութեան աճի»:

ԹԷ Հայաստան ի՞նչ միջոցներու կը դիմէ զսպելու համար Ալիեւի ախորժակները, Փաշինեան խօսեցաւ միայն Եւրոպացի դիտորդներու Հայաստան ժամանելու մասին, շրջանցելով պաշտպանութեան ռազմական միջոցներուն դիմելու բաղադրիչը: Հայկական բանակը  նոր ու արդիական զէնքերով օժտելու մասին Երեւան կը շարունակէ լուռ մնալ, մինչ նոր զինատեսակներու գնման մասին մնայուն տեղեկութիւններ կը հաղորդեն Հնդկական մամուլն ու այլ աղբիւրներ: Թէ այդ զէնքերը երբ պիտի հասնին եւ դրուին օգտագործման մէջ կը մնայ պետական գաղտնիքի ծիրին մէջ: Մէկ  բան յայտնի է որ, այս տարուայ պիւտճէով բանակին յատկացուած է 1.2  միլիառ տոլար, որ աննախընթաց է Հայաստանի պատմութեան մէջ:

Վարչապետի ասուլիսի եզրակացութիւնը այն է թէ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը նահանջի մէջ է, փոխարէնը աւելի մօտ է նոր պատերազմի հաւանականութիւնը:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment