Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Ընդունած Է ՆԱԹՕ-ի Նախկին Գլխաւոր Քարտուղարը

Փաշինեան Ընդունած Է ՆԱԹՕ-ի Նախկին Գլխաւոր Քարտուղարը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ռասմուսեն Կլոպալ միջազգային քաղաքական խորհրդատուական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ եւ ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն ջերմութեամբ յիշած են սոյն թուականի Փետրուար 18-ին Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովի ծիրին մէջ ունեցած հանդիպումը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային զարգացումներու եւ անվտանգային մարտահրաւէրներու շուրջ: Քննարկուած են Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերող հարցեր, երկուստեք կարեւորուած են այդ ուղղութեամբ շարունակական ջանքերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment