Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Զօրակցական Ընդունելութիւն Ի Պատիւ «Արարատ» Օրաթերթի Տնօրէնուհի Ընկերուհի Անի Եփրեմեանի

Զօրակցական Ընդունելութիւն Ի Պատիւ «Արարատ» Օրաթերթի Տնօրէնուհի Ընկերուհի Անի Եփրեմեանի

by MassisPost

Արեւմտեան Ամերիկայի ՍԴՀԿ Մամլոյ Դիւանի կազմակերպութեամբ անցեալ Շաբաթ, Փետրուարի 25-ին, 2023 տեղի ունեցաւ զօրակցական պատշաճ ընդունելութիւն մը ի պատիւ Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնուհի ընկերուհի Անի Եփրեմեանի։ Սոյն միջոցառումի հովանաւորն ու հեւրընկալներն էին ընկեր եւ ընկերուհի Յարութ եւ Լիւսի Պոյամեանները, որոնք այլ առիթներով, եւս միշտ օգտակար եղած են նման ազգօգուտ միջոցառումներուն։

Աւելի քան քառասուն հրաւիրեալներու մէջ կը նշմարուէին Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի ղեկավարութեան ու տարբեր կառոյցներու պատասխանատուներ ինչպէս նաեւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքի ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմնի ատենապետ ընկեր Սարգիս Գաւլագեանը։

Որպէս հիւրընկալ եւ ՍԴՀԿ Սապահ Գիւլ մասնաճիւղի ատենապետ ընկ. Յարութ Պոյամեան իր եւ իր կնոջ Լիւսիի անունով բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ողջունեց ներկայութիւնը օրուան գլխաւոր հիւրին՝ ընկերուհի Անի Եփրեմեանին եւ միւս հրաւիրեալներուն, որոնք կլիմայական խիստ աննպաստ պայմամններուն իսկ սիրայօժար ընդառաջած էին հրաւէրին։

Օրուան հանդիսավար «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագրակազմէն ընկ. Գաբրիէլ Մոլոյեան, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ ներկաներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ Պոյամեան զոյգին եւ ապա ողջունեց սփիւռքահայ մամուլի կարկառուն դէմքերէն, «Արարատ» օրթերթի վաստակաշատ տնօրէնուհի եւ Լիբանանի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ժրաջան ատենապետուհի՝ ընկերուհի Անի Եփրեմեանի ներկայութիւնը։ Այնուհետեւ, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի եւ Թուրքիոյ ու Հալէպի երկրաշարժերու նահատակներու յիշատակը։

Վաստակաշատ մտաւորականուհի Անի Եփրեմեան խօսք առնելով, շնորհակալութին յայտնեց իրեն ի պատիւ եղած ջերմ ընդունելութեան եւ զօրակցական վերաբերմունքին համար։ Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի այժմու իրավիճակին մասին« որով ներկայիս երկիրը ճգնաժամային շրջան մը կը բոլորէ, քաղաքական եւ յատկապէս տնտեսկան ոլորտներէն ներս, ստեղծելով խիստ անկայուն իրավիճակ։ Բնականաբար այս կացութիւնը մեծապէս ազդած է նաեւ հայ գաղութին եւ հաստատութիւններուն վրայ։ Մեր մամուլն ալ՝ իր հերթին, ի գին մեծ դժուարութիւններու, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ կը մնայ պատնէշի վրայ, միշտ կանգուն, շնորհիւ իր տեսլապաշտ եւ զոհաբերող աջակիցներուն եւ ընթերցասէր հասարակութեան նեցուկին։

Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ օրուան հիւրերէն Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքի ՍԴՀԿ- Վարիչ Մարմնի ատենապետ ընկ. Սարգիս Գաւլագեան։ Ան ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ շրջանի գաղութային եւ ընկրային կեանքի մասին։

Սոյն միջոցառումին զօրակցական ելոյթներ ունեցան ՍԴՀԿ-ի տարբեր միաւորներու ներկայացուցիչներէն՝ Սեւակ Խաչատրեան (ՀԱԽ), Ռոզին Տէր Դաւիթեան (ՀԿԲՄ), Վարդան Գօճապապեան (ՀՄՄ), Յարութ Տէր Դաւիթեան (ՆՍՄՄ), Վարդան Քէօրօղլեան եւ Խաչիկ Քէշիշեան (ՍԴՀԿ Կեդր. Վարչթ.)։

«Ընկեր» երգը՝ ինքնագիր յօրինում ըլլալով մեծ ապրումով մեներգեց երաժշտութեան հեղինակ՝ Յարութ Տէր Դաւիթեանը, արժանանալով ներկաներու բարձր գնահատականին։

Տեղւոյն վրայ տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ ի նպաստ «Արաատ» օրարթերթի ընթացիկ կենսական ծախսերուն։ Գրեթէ բոլոր ներկաներն ալ իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին այս օգտաշատ նախաձեռնութեան։ Նոյնիսկ կարգ մը ակամայ բացականեր իրենց սրտաբուխ նուէրներն առաքած էին այդ վսեմ նպատակին համար։

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Վազգէն Խոտանեան։ Ան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց օրուան հիւրընկալ զոյգին եւ ներկաներուն իրենց զօրակցութեան եւ նիւթական աջակցութեան համար։ Իսկ ընկերուհի Անի Եփրեմեանին մաղթեց յարաւետութիւն, աննկուն կամք եւ  քաջաողջութիւն, յաջողութեամբ յաղթահարելու համար առկայ բոլոր մարտահրաւէրները։

«Տուր Ձեռքդ Ընկեր» կուսակցական մաղթերգի հաւաքական կատարումով վերջ գտաւ սոյն միջոցառումը։

Ներկաները մեկնեցան յիշարժան երեկոյի մը լաւագոյն տպաւորութիւններով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment