Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախ Անհրաժեշտ Կը Համարէ Միջազգային Միջնորդական Ձեւաչափի Վերականգնումը. Ստեփանակերտը Հակադարձած Է Պաքուին

Արցախ Անհրաժեշտ Կը Համարէ Միջազգային Միջնորդական Ձեւաչափի Վերականգնումը. Ստեփանակերտը Հակադարձած Է Պաքուին

by MassisPost

Ստեփանակերտը կը յայտարարէ, որ Պաքուի ներկայացուցիչներուն հետ նախօրէին տեղի ունեցած հանդիպման Արցախի կարգավիճակին վերաբերող հարցեր չեն քննարկուած, եւ որ նման ձեւաչափով շփումները չեն կրնար փոխարինել լիարժէք խաղաղ բանակցութիւնները:

Հակամարտութեան կարգաւորման համար անհրաժեշտ է վերականգնել «միջազգային միջնորդական ձեւաչափը», յայտարարած է Արցախի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

Թէեւ կողմերուն միջեւ նախապէս ալ շփումներ եղած են, սակայն Պաքուն հնչեղութիւն տուաւ հանդիպման` պնդելով, որ քննարկած են «Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ ապրող հայերը Ատրպէյճանի մէջ համարկելու հարցը` երկրի Սահմանադրութեան ու օրէնքներուն համապատասխան»: Առաջին անգամ նաեւ յայտարարուեցաւ, որ Պաքուն Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն հետ շփումներու պատասխանատու նշանակած է` Միլի մեճլիսի պատգամաւոր Ռամին Մամետովը, որ բանակցութիւններէն յետոյ վստահեցուցած է, որ երկխօսութիւնը կայացած է:

Արցախի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն յետոյ Մամետով նաեւ յայտարարծ է, որ իր հիմնական նպատակն է արագացնել Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու վերահամարկումը Ատրպէյճանին: Ատրպէյճանի բանագնացը նաեւ շեշտած է, որ նախօրէի ձեւաչափով բանակցութիւններ սկսելու պատրաստակամութեան մասին նախագահ Ալիեւը անցեալ շաբաթներուն Միւնիխի մէջ յայտարարած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment