Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հոլանտայի ԱԳՆ-ն Ուղիներ Կը Փնտռէ Լաչինի Միջանցքի Վերաբացման Համար

Հոլանտայի ԱԳՆ-ն Ուղիներ Կը Փնտռէ Լաչինի Միջանցքի Վերաբացման Համար

by MassisPost

Հոլանտայի արտաքին գործերու նախարարը խորհրդարանին ուղղուած իր հաշուետուութեան մէջ արձանագրած է, որ Յունուար 23-ին կայացած ԵՄ Արտաքին Գործերու Խորհուրդի նիստին Հոլանտան եւ շարք մը այլ ԵՄ երկիրներ մտահոգութիւն արտայայտած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակին շուրջ` նշելով, որ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Լաչինի միջանցքը փակուած է ատրպէյճանական ինքնահռչակ «բնապահպաններուն» կողմէ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հոլանտայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Միութիւնը` արտաքին գործերու նախարարը ընդգծած է, որ Լաչինի միջանցքը Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող միակ ուղին է:

Հոլանտայի կառավարութիւնը կը շարունակէ քայլերու ձեռնարկել առ այն, որ ԵՄ անդամ երկիրները հանդէս գան Ատրպէյճանին ուղղուած համատեղ կոչով` 2020 թուականի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն Լաչինի միջանցքը բանալու պահանջքով, ինչպէս նաեւ կ’ուսումնասիրէ, թէ եւրոպական շրջանակներուն մէջ ազդեցութեան ինչ այլ հնարաւորութիւններ կան Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն յորդորելու Լաչինի միջանցքը բանալ:

Հոլանտան նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան եւ կ’ուսումնասիրէ վերջինիս իր ներդրումը ունենալու հնարաւորութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment