Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսիոյ ԱԳՆ. «Հայաստանը Դիտորդներու Հարցով ՀԱՊԿ-ի Փոխարէն Նախապատուութիւնը Կու տայ ԵՄ-ին»

Ռուսիոյ ԱԳՆ. «Հայաստանը Դիտորդներու Հարցով ՀԱՊԿ-ի Փոխարէն Նախապատուութիւնը Կու տայ ԵՄ-ին»

by MassisPost

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն նշած են, թէ «Ռուսիան կը հաստատէ, որ տարածաշրջան ՀԱՊԿ դիտորդներ գործուղելու հնարաւորութիւնը տրամաբանական աւարտին չհասցնելով` Հայաստանը որոշած է նախապատուութիւնը տալ Եւրոմիութեան»:

Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գերատեսչութեան, «եթէ հայ դաշնակիցներուն մօտ պահպանուած է հետաքրքրութիւնը ՀԱՊԿ-ի դիտորդական կարողութիւնները օգտագործելու վերաբերեալ, ապա առաքելութիւնը կրնայ արագօրէն տեղակայուիլ»:

Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան համոզմամբ, Եւրոմիութեան քաղաքականութիւնը վնաս պիտի հասցնէ հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն:

«Ամէն գնով Հայաստանի մէջ տեղը ամրապնդելու, Ռուսիոյ միջնորդական ջանքերը մէկ կողմ մղելու Եւրոմիութեան փորձերը կրնան վնաս հասցնել տարածաշրջանի խաղաղ զարգացման ձգտող հայերու եւ ատրպէյճանցիների հիմնարար շահերուն»:

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը նաեւ նշած է, թէ «Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը պիտի արձագանգէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդներու պահուածքին` հաշուի առնելով այնտեղ իրավիճակի զարգացումը»:

Նախարարութիւնը կը պնդէ, որ «եթէ Պրիւքսէլի մէջ շահագրգռուած ըլլային Հարաւային Կովկասի խաղաղութեամբ, ապա դիտորդներուն աշխատանքը կը համաձայնեցնէին նաեւ Ատրպէյճանի հետ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment