Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախորդ Տարի Առաջին 1000 Մեծ Հարկ Վճարողներու Կողմէ Վճարուած Գումարները Կազմած Են Աւելի Քան 1 Թրիլիոն 490 Միլիառ 115 Միլիոն Դրամ

Նախորդ Տարի Առաջին 1000 Մեծ Հարկ Վճարողներու Կողմէ Վճարուած Գումարները Կազմած Են Աւելի Քան 1 Թրիլիոն 490 Միլիառ 115 Միլիոն Դրամ

by MassisPost

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած է 2022 թուականի Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին առաջին 1000 մեծ հարկ վճարողներու կողմէ վճարուած հարկերու եւ վճարներու վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը:

Համաձայն Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի տարածած հաղորդագրութեան, 1000 մեծ հարկ վճարողներու կողմէ 2022 թուականի Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին պետական պիւտճէ ընդհանուր առմամբ վճարուած է աւելի քան 1 թրիլիոն 490 միլիառ 115 միլիոն դրամ: Հարկային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը կազմած է աւելի քան 1 թրիլիոն 185 միլիառ 839 միլիոն դրամ, իսկ մաքսային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը` աւելի քան 304 միլիառ 275 միլիոն դրամ:

1000 մեծ հարկ վճարողներու վերաբերեալ ցանկերը հասանելի են ՊԵԿ պաշտօնական կայքի «Հարկ վճարողներու վերաբերեալ տեղեկատուական ցանկեր» բաժնին մէջ:

Ցանկը հրապարակուած է` հիմք ընդունելով ներկայիս գործող ՀՀ կառավարութեան 23.06.2022 թ․-ի N 928-Ն որոշմամբ սահմանուած չափորոշիչները, մասնաւորապէս, ցանկին մէջ ներառուած չեն ՀՀ պետական եւ համայնքային կառավարչական հիմնարկները:

Նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ տուեալներու համադրելիութիւնը ապահովելու նպատակով ՊԵԿ-ը նոր մեթոտաբանութեամբ հրապարակած է նաեւ 2021 թուականի Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներուն վերաբերող ցուցանիշերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment