Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան Խորհուրդի ընդլայնուած նիստ, որուն մասնակցած են նաեւ Ազգային Ժողովի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները:
Նիստին ընթացքին ներկայացուած են Ատրպէյճանի կողմէ Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ արդէն 38 օր տեւող մարդասիրական ճգնաժամին հետեւանքները, քննարկուած են անոնց յաղթահարման մեխանիզմները:
ԱՀ նախագահը տեղեկացուցած է, որ Յունուար 15-ին ռուսական կողմին միջնորդութեամբ կազմակերպուած է հաղորդակցութիւն ատրպէյճանական կողմին հետ` ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման նպատակով: Արցախը արտաքին աշխարհին հետ կապող միակ մայրուղիի վերաբացման ուղղութեամբ որեւէ յառաջընթաց չէ արձանագրուած: Անոր փոխարէն, Յունուար 17-ին կազամատակարարման խաթարման հետեւանքով ստեղծուած են նոր լրջագոյն խնդիրներ:
ԱՀ ԱԽ նիստին ընդգծուած է ընկերատնտեսական ոլորտին մէջ իրականացուող քայլերը ճգնաժամային իրավիճակին համապատասխանեցնելու անհրաժեշտութիւնը: Լիազօր պետական կառոյցներու ղեկավարներուն հանրապետութեան նախագահը տուած է յանձնարարականներ: Շտաբի պետ, պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան յառաջիկային պիտի ներկայացնէ շրջափակման պայմաններուն մէջ բնակչութեան կենսագործունէութեան հետագայ ապահովման, մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման ուղղութեամբ յստակ առաջարկներ: