Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արարատ Միրզոյեան Ընդունած Է Թուրքիոյ Հրաւէրը

Արարատ Միրզոյեան Ընդունած Է Թուրքիոյ Հրաւէրը

by MassisPost

Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մեկնի Թուրքիա` մասնակցելու Անթալիոյ դիւանագիտական համագումարին: Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանին յայտնած է Միրզոյեան:

«Ինչպէս եւ անցած տարի Թուրքիայի Արտաքին Գործերի Նախարարութիւնից հրաւէր եմ ստացել` մասնակցելու Անթալիայի դիւանագիտական համագումարին եւ ըստ ամենայնի, կը մասնակցեմ այդ համագումարին, որտեղ կը լինի հանդիպում ու քննարկում:

Կարծում եմ` սա շատ կարեւոր է երկխօսութիւնը շարունակելու, զարգացնելու եւ յստակ առարկայական արդիւնքների յանգեցնելու համար», յայտնած է Արարատ Միրզոյեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment