Լաչինի միջանցքին շուրջ իրավիճակը մօտ ժամանակներս պիտի կարգաւորուի: Մամուլի ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը:
Ան նշած է, որ Յունուար 17-ին կապ հաստատած է Ատրպէճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ եւ յիշեցուցած, որ Լաչինի միջանցքը, 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ պայմանաւորուածութեան համաձայն, պէտք է ազատ ըլլայ բեռներու, քաղաքացիներու եւ փոխադրութեան միջոցներու անցման համար:
«Լաչինի միջանցքը պէտք է երկկողմանի բաց ըլլայ մարդոց, բեռներու համար: Առանձին որոշուած էր, որ ռազմական բեռներ այդ միջանցքով պէտք չէ անցնին: Ատրպէյճանցիները տուեալներ տրամադրած են այն մասին, որ հայկական կողմը ականներ տեղափոխած եւ ականապատած է Ատրպէյճանի հետ սահմանակից շրջանները եւ այլն. մեր զինուորականները անոնք կ’ուսումնասիրեն: Այնտեղ բազմաթիւ փոխադարձ մեղադրանքներ կան», ըսած է Լաւրով:
Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարը ընդգծած է, որ Ռուսիան պարզ բան մը առաջարկած է. Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահները բոլոր հնարաւորութիւնները ունին ստուգելու միջանցքով անցնող բեռները` արգիլուած ապրանքներու տեղափոխումը կանխելու համար:
«Տառացիօրէն երէկ կամ նախորդ օրը հանդիպած են ռուս խաղաղապահները, ատրպէյճանցիները եւ Ղարաբաղի ներկայացուցիչները: Կը կարծեմ` հարցը (խմբ. միջանցքի բացումը) մօտակայ ժամանակներուն պիտի լուծուի», ըսած է Լաւրով: