Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Մօտ 100 Հազար Թափուր Աշխատատեղի Կայ, Որոնք Արագօրէն Կը Լրացուին Օտարերկրեայ Աշխատողներով. Վահան Քերոբեան

Հայաստանի Մէջ Մօտ 100 Հազար Թափուր Աշխատատեղի Կայ, Որոնք Արագօրէն Կը Լրացուին Օտարերկրեայ Աշխատողներով. Վահան Քերոբեան

by MassisPost

Մեր հաշուարկներով` այսօր Հայաստանի մէջ մօտ 100 հազար թափուր աշխատատեղի կայ, եւ այդ աշխատատեղիները շատ արագօրէն կը լրացուին օտարերկրեայ աշխատողներով: Լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսաւ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը:

«Այսօր չենք տեսնում այնպիսի դէպք, որ մարդն ուզենայ աշխատել ու չկարողանայ: Թափուր աշխատատեղիները հիմնականում շինարարութեան, հանրային ծառայութիւնների, սպասարկման, գիւղատնտեսութեան ոլորտներում են, ինչպէս նաեւ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններում», յաւելեց նախարարը եւ ընդգծեց, որ մարդիկ պէտք է հասկնան, որ պէտք է անընդհատ սորվին, զարգացնեն իրենց հմտութիւնները:

2022 թուականի Նոյեմբերին հարկման հիմք ունեցող աշխատողներուն թիւը առաջին անգամ գերազանցած է 700 հազարը եւ կազմած է 701.451 մարդ` գերազանցելով անցած տարուան նոյն ամսուան ցուցանիշը 47.551֊ով: Այս մասին  յայտնած է տնտեսութեան նախարարը:

Միջին աշխատավարձը կազմած է 265.000 դրամ` անցեալ տարուան 220.000-ին համեմատ` աւելի քան 20% աճ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment