Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արարատ Միրզոյեանը ՄԱԿ Գլխաւոր Քարտուղարին Ներկայացուցած Է Տարածաշրջանային Վերջին Զարգացումները

Արարատ Միրզոյեանը ՄԱԿ Գլխաւոր Քարտուղարին Ներկայացուցած Է Տարածաշրջանային Վերջին Զարգացումները

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ:

Նախարար Միրզոյեան ՄԱԿ Գլխաւոր քարտուղարին ներկայացուցած է տարածաշրջանային վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս Ատրպէյճանի կողմէ Դեկտեմբեր 12-էն Լաչինի միջանցքի փակումը, Լեռնային Ղարաբաղի կազամատակարարման խափանումը եւ անոնց հետեւանքով ի յայտ եկած մարդասիրական լուրջ մարտահրաւէրները: Ընդգծուած է ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգի անհրաժեշտութիւնը:

Հայկական կողմը անդրադարձ կատարած է նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ ՀՀ ինքնիշխան տարածքներու շարունակուող բռնագրաւման խնդիրին, Հայաստան֊Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հանգուցալուծման:

Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ ուժի կամ ուժի կիրառման սպառնալիքի, ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ հայատեացութեան իր քաղաքականութիւնը եւ առաւելապաշտական մօտեցումները, այդպիսով խաթարելով Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը: Միաժամանակ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը վերահաստատած է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած Հայաստանի յանձնառութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment