Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է Սերժ Սարգսեանի Անվտանգութեան Նախկին Պետին Նկատմամբ

Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է Սերժ Սարգսեանի Անվտանգութեան Նախկին Պետին Նկատմամբ

by MassisPost

Գլխաւոր Դատախազութիւնը նոր քրէական վարոյթ յարուցած է 2018-ի յեղափոխութենէն յետոյ քանի մը քրէական գործերով անցնող երրորդ նախագահի թիկնազօրի նախկին պետ Վաչական Ղազարեանի եւ անոր կնոջ նկատմամբ:

Այս անգամ մեղադրանքը շորթումն է, որ կ’առնչուի անոնց պատկանող «Եանս» ճաշարանային համալիրին: Բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքներով առանձնապէս մեծ չափերով շորթում կատարելու յօդուածով երրորդ մեղադրեալը «Եանս»-ի տնօրէնն է: Երեքն ալ ստորագրութիւն տուած են չհեռանալու մասին:

Ըստ իրաւապահներուն` չորս տարի առաջ «Եանս»-ի տնօրէնը Վաչական Ղազարեանին ու անոր կնոջ` Ռուզաննա Բեկլարեանին յայտնած է, որ համալիրին հաշուապահը յաճախորդներէն ստացած որոշ գումար դրամարկղ չէ մուտքագրած: Անոնք ալ հաշուապահին սպառնացած են վտանգել թէ՛ անոր, թէ՛ անոր որդիին կեանքը, եթէ իրենց չվճարէ 40 միլիոն դրամ: Ընդ որում, ըստ Դատախազութեան, Ղազարեանը յիշեցուցած է իր պաշտօնը, որ նախագահին թիկնապահն է ու ստացած է գումարը: Հաշուապահը վաճառած է բնակարանն ու ոսկեայ զարդերը, մտերիմներէն պարտք վերցուցած է ու 2017 թուականին փոխանցած է 40 միլիոն դրամը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment