Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Միակարծիք Չեն Պաշտպանութեան Բանակը Ինքնապաշտպանութեան Ստորաբաժանումներով Փոխարինելու Հարցին Մէջ

Արցախի Մէջ Միակարծիք Չեն Պաշտպանութեան Բանակը Ինքնապաշտպանութեան Ստորաբաժանումներով Փոխարինելու Հարցին Մէջ

by MassisPost

Արցախի մէջ պատրաստ են հրաժարելու Պաշտպանութեան բանակէն ու զայն փոխարինելու ինքնապաշտպանութեան ստորաբաժանմամբ` պայմանով, որ ռուս խաղաղապահներուն թիւը աւելնայ, իսկ առաքելութիւնը տեղակայուի շփման գիծի ամբողջ երկայնքով, «Ազատութեան» փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի իշխող խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեանը:

Այս հարցին մասին առաջինը հրապարակաւ վարչապետ Փաշինեանը խօսեցաւ` կառավարութեան նիստին՝ տեղեկացնելով, որ տասը օր առաջ Սոչիի մէջ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն ներկայացուցած է Ղարաբաղի իշխանութիւններուն առաջարկը, որ եթէ Արցախի շուրջը ստեղծուի ապառազմականացուած գօտի` միջազգային երաշխիքներով, ապա նման մասշտաբի Պաշտպանութեան բանակ ունենալու կարիք Ղարաբաղը կրնայ չունենալ: Փաշինեան չըսաւ, եթէ Ալիեւն ու Փութինը ընդունած են իր առաջարկը, միայն նշեց, որ Արցախի իշխանութիւններուն այդ առաջարակը, կը մնայ ուժի մէջ:

Ղարաբաղի խորհրդարանի իշխող «Ազատ Հայրենիք – ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան հաստատեց, որ պատրաստ են Փաշինեանի ներկայացուցած տարբերակին` եթէ կատարուի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 3-րդ կէտը, համաձայն որուն՝ Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ զօրակազմ պէտք է տեղակայուի շփման գիծի ամբողջ երկայնքով:

«Հիմա ամբողջութեամբ շփման գծով Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերը, հաշուի առնելով քանակը եւ մնացած բոլոր տեխնիկական հնարաւորութիւնները, չեն կարող տեղադրուել: Եթէ այդ կէտը կատարուի եւ ամբողջ շփման գծով տեղադրուեն Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը, կարծում ենք, որ եթէ այդ կէտը ամբողջութեամբ կատարուի, էդ դէպքում մենք միայն ունենալու ենք ինքնապաշտպանութեան ստորաբաժանումներ, որը մենք ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ իրաւունք ունենք ունենալուէ», ըսաւ Յարութիւնեան:

Արցախի ընդդիմութիւնը, մինչդեռ, դէմ է Պաշտպանական բանակի լուծարման: Խորհրդարանի «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեան կ’ըսէ, որ թոյլ պիտի չտան, քանի որ այդ պիտի նշանակէ նոր ցեղասպանութիւն.  «Ես չգիտեմ Ղարաբաղի իշխանութիւնները ինչ են փոխանցել Նիկոլ Փաշինեանին, բայց ես եւ մեր կուսակցութիւնը, իմ համախոհների հետ միասին, պայքարելու ենք նման որոշման դէմ եւ թոյլ չենք տալու որեւէ անձի կամ անձանց Ղարաբաղում Պաշտպանութեան բանակի աշխատանքը չէզոքացնել, լուծարել Պաշտպանութեան բանակը: Դա լինելու է հերթական ցեղասպանութեան սկիզբը»:

Արձագանգելով վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ Ալիեւը մտադիր է Լաչինի միջանցքը փակելով արցախահայութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկել` Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի իշխող խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան պնդեց, որ եթէ Ատրպէյճանը փորձէ փակել Լաչինի միջանցքը, ապա ռուս խաղաղապահները յատուկ գործողութիւններու պիտի դիմեն:

Յարութիւնեանի խօսքով, Պաքուն արդէն մէկ տարիէ կը շահարկէ այս հարցը` այդկերպ փորձելով հիմքեր ստեղծել Լաչինի միջանցքը փակելու եւ Արցախը Հայաստանի հետ կապող միակ ճանապարհը խոչընդոտելու համար:

Այս առումով, ըստ իշխող ուժի պատգամաւորին, շատ կարեւոր է Ռուսիոյ դիրքորոշումը` հաշուի առնելով, որ նոյնինքն ռուս խաղաղապահները կ’իրականացնեն Լաչինի միջանցքի անվտանգութեան ապահովումը. «Չենք բացառում, որ այդպիսի փորձեր լինելու են, բայց նաեւ համոզուած ենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերը համապատասխան գործողութիւնների կը դիմեն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment