Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանը Վերստին Պայման Կ’առաջադրէ Հայաստան-Թուրքիա Կարգաւորման Համար

Էրտողանը Վերստին Պայման Կ’առաջադրէ Հայաստան-Թուրքիա Կարգաւորման Համար

by MassisPost

Պաշտօնական Անգարան վերստին կը յայտարարէ` Երեւանի հետ հաշտեցումը կախուած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն: Նախագահ Ռեճեպ Էրտողանը, սակայն, կը պնդէ` այդ ուղղութեամբ Հայաստանը բաւարար քայլերու չի ձեռնարկումեր:

«Երեւանի քայլերը Պաքուի նկատմամբ դրական պիտի անդրադառնան նաեւ մեր քայլերուն վրայ», յայտարարած է Թուրքիոյ առաջնորդը, որ ամիսներ առաջ կը վստահեցնէր, որ Անգարան պատրաստ է Երեւանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու առանց նախապայմաններու: Էրտողանի կարծիքով, սակայն, գործընթացին կը խոչընդոտեն նաեւ արտերկրի մէջ ապրող հայերը:

«Հայկական սփիւռքը` թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ, դէմ հանդէս կու գայ երկխօսութեան, ինչ որ բացասական ազդեցութիւն կը թողէ գործընթացին վրայ: Ներկայ պահին մենք Երեւանէն բաւարար քայլեր չենք տեսներ Անգարայի եւ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը եւ շեշտած, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը կրնայ նուազեցնել Սփիւռքի բացասական քայլերը: Էրտողանի փոխանցմամբ` ինքը այդ մասին խօսած է Հայաստանի վարչապետին հետ Փրակի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման:

«Ես անոր յստակ հասկցուցած եմ Անգարայի դիրքորոշումը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի երկխօսութեան փոխկապակցուածութեան վերաբերեալ: Երեւանէն գործուն քայլեր կ’ակնկալենք: Ներկայ պահուն ես չեմ կրնար ըսել, որ որեւէ մակարդակի [կարգաւորման] հասած ենք: Միայն Հայաստանը կրնայ իրավիճակը փոխել դրական ուղղութեամբ եւ նուազագոյնի հասցնել Սփիւռքի բացասական քայլերը», յայտնած է Էրտողան:

Փրակի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ առաջնորդներու` վերջին 13 տարուան ընթացքին առաջին հանդիպումէն յետոյ պաշտօնական Երեւանը հաղորդեց, որ կողմերը քննարկած են կարգաւորման ուղղութեամբ հետագայ հնարաւոր քայլերը: Հանդիպման յաջորդած ասուլիսին ալ Ռեճեպ Էրտողանը յայտնեց, թէ որոշ պահանջներ ներկայացուած են յատուկ նեկայացուցիչներուն, եւ արտաքին գործերու նախարարներուն յանձնարարուած է քայլերու ձեռնարկել կարգաւորման ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment