Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Յարձակման Հետեւանքով Հայկական Կողմէ Զոհուած Է 105 Զինուոր

Ատրպէյճանի Յարձակման Հետեւանքով Հայկական Կողմէ Զոհուած Է 105 Զինուոր

by MassisPost

Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով հայկական կողմէն զոհերու ճշգրտուած թիւը Սեպտեմբեր 14-ի դրութեամբ 105 է: Այս մասին յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան անդամներուն հետ հարցուպատասխանին ընթացքին:

Ան յիշեցուց, որ նախորդ օր յայտնած էր, որ զոհերուն թիւը 49  է, սակայն, ցաւօք, այդ վերջնական չէր, աւելի մեծ էր զոհերուն թիւը:

«Այսօրուայ դրութեամբ զոհերի ճշգրտուած թիւը 105 է: Եւս մէկ անգամ գլուխ եմ խոնարհում մեր նահատակների առաջ», ըսաւ վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment