Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ-ն Մասնակցեցաւ Մոնթեպելոյի Ցեղասպանութեան Յուշարձանին Ծաղկեպսակ Զետեղելու Արարողութեան

ՍԴՀԿ-ն Մասնակցեցաւ Մոնթեպելոյի Ցեղասպանութեան Յուշարձանին Ծաղկեպսակ Զետեղելու Արարողութեան

by MassisPost

Շաբաթ օր, Ապրիլ 23-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առթիւ Մոնթեպելոյի Եղեռնի Յուշարձանի առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղման եւ հոգեհանգստի յատուկ արարողութիւն:

Միջոցառման ներկայ էին  հոգեւոր առաջնորդներ, հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու եւ համայնքային տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

ՍԴՀԿ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի  ատենապետ Վազգէն Խոտանեանը, անոր կ՛ընկերակցէին` Գաբրիէլ Մոլոյեանը, Վարդան Քորողլեանը, Վահէ Աջապահեանը, Փիթըր Տարաքճեանը եւ Յակոբ Աճէմեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment