Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Քրեմլինը Դրական Կը Գնահատէ Խաղաղ Բանակցութիւններու Գործընթաց Սկսելու Երեւանի Եւ Պաքուի Որոշումը

Քրեմլինը Դրական Կը Գնահատէ Խաղաղ Բանակցութիւններու Գործընթաց Սկսելու Երեւանի Եւ Պաքուի Որոշումը

by MassisPost

Քրեմլինը դրական կը գնահատէ խաղաղ բանակցութիւններու գործընթաց սկսելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն` Պրիւքսէլի մէջ կայացուցած որոշումը: Այդ մասին յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:

«Դրական է: Հասկնալի է, որ սա շատ եւ շատ երկարատեւ գործընթաց է, սակայն նման փաստաթուղթի կնքման ուղղութեամբ յառաջընթացը ինքնին դրական փաստ է եւ ողջունելի է», ըսած է Փեսքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment