Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Հաստատուած Են Ազատութիւններու Ժամանակաւոր սահմանափակումներ

Արցախի Մէջ Հաստատուած Են Ազատութիւններու Ժամանակաւոր սահմանափակումներ

by MassisPost

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրած է հրամանագիր ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ժամանակաւոր սահմանափակումներու մասին, կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտաբը:

Համաձայն հրամանագրի` Արցախի տարածքին յայտարարուած ռազմական դրութեան ժամկէտի ընթացքին կը սահմանափակուին  հաւաքներու ազատութեան իրաւունքը, կ’արգիլուին գործադուլները, կը գործեն կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը դադարեցնող կամ կասեցնող այլ միջոցառումներ։ Կը կասեցուի նաեւ Արցախի պաշտպանունակութեան ու անվտանգութեան դէմ ուղղուած քարոզչութիւն եւ այլ գործունէութիւն ծաւալած կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը:

Արցախի մէջ ռազմական դրութիւն յայտարարուած էր 2020-ի թուականի Սեպտեմբեր 27-ին, երբ սկսաւ պատերազնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment