Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ուաշինկթըն Սադրիչ Եւ Անպատասխանատու Կը Որակէ Ատրպէյճանի Քայըլերը

Ուաշինկթըն Սադրիչ Եւ Անպատասխանատու Կը Որակէ Ատրպէյճանի Քայըլերը

by MassisPost

«Ուաշինկթըն ուշադրութեամբ կը հետեւի 2020 թուականի Նոյեմբերէն յետոյ շփման գիծին վրայ հաստատուած իրավիճակին: Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած է Ատրպէյճանի զօրքերու տեղաշարժերով: Զօրաշարժերը եւ սրումի տանող այլ միջոցառումները անպատասխանատու են եւ անհարկի սադրիչ», – յայտարարած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը:

Ուրբաթ օր կայացած ասուլիսի ժամանակ ամերիկեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան խօսնակի գլխաւոր տեղակալ Ջալինա Փորթըր լրագրողի հարցին ի պատասխան անդրադարձած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ պետական փոխ քարտուղար Քերըն Տոնֆրիտի Մարտ 24-ի հեռախօսազրոյցներուն: Տոնֆրիտ, ըստ Փորթըրի, «Միայն վերահաստատած է Մարտ 21-ին եւ 22-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, ինչպէս նաեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւին պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընի ըսածը, որ կոչ կ՛ըներ երկու կողմերուն զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ կրկնապատկել դիւանագիտական ներգրաւուածութիւնը` գտնելու բոլոր մնացեալ խնդիրներու համապարփակ լուծումները: «Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին միայն պէտք օգտագործել ուղղակի հաղորդակցութեան խողովակները անմիջապէս սրումի նուազեցման հասնելու համար», – աւելցուցած է Փորթըր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment