Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեան Պիտի Մասնակցի Անթալիոյ Դիւանագիտական Համաժողովին

Արարատ Միրզոյեան Պիտի Մասնակցի Անթալիոյ Դիւանագիտական Համաժողովին

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին: Այս մասին յայտնած է Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեանը:

Անթալիոյ համաժողովը պիտի կայանայ 11-13 Մարտին: Այս միջոցառման համար Թուրքիան հրաւիրած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ հայ-թրքական բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանը ներկայացնող Ռուբէն Ռուբինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment