Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարան Գոհունակութեամբ Ընդունած է Միրզոյեանի` Անթալիոյ Համաժողովին Մասնակցելու Որոշումը

Անգարան Գոհունակութեամբ Ընդունած է Միրզոյեանի` Անթալիոյ Համաժողովին Մասնակցելու Որոշումը

by MassisPost

Անգարան գոհունակութեամբ ընդունած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի` Մարտ 11-13-ին Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին մասնակցելու վերաբերեալ որոշումը:

«Նմանօրինակ փոխադարձ քայլերը կը նպաստեն երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութեան ընդլայնման եւ լիարժէք կարգաւորման նպատակով վստահութեան բարձրացման միտուած քայլերու քննարկման», յայտնած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակ Թանժու Պիլկիճը:

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեվլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած էր Հայաստանին Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին հրաւիրելու մասին: Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան յստակացուցած էր, որ Անգարան հրաւէր յղած է իր եւ հայ-թրքական բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի անունով:

Անցեալ տարի կայացած առաջին համաժողովին մասնակցած են Հայաստանի դրացիներ Իրանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները:

Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովը հարթակ է, ուր աշխարհի տարբեր երկիրներէ հրաւիրուած պետական առաջնորդները, քաղաքական գործիչները, դիւանագէտները, գիտնականներն ու գործարարները կը քննարկեն աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային հարցեր, կը ներկայացնեն իրենց տեսակէտերը, տեսլականներն ու լուծման հեռանկարները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment