Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Ազգային Ժողովը 31 Կողմ Ձայներով Ընդունեց «Բռնագրաւուած Տարածքներու Մասին» Օրէնքի Նախագիծը

Արցախի Ազգային Ժողովը 31 Կողմ Ձայներով Ընդունեց «Բռնագրաւուած Տարածքներու Մասին» Օրէնքի Նախագիծը

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին մէջ ընդունուեցաւ պատգամաւորներ Ա. Թովմասեանի, Դ. Մելքումեանի, Ա. Մոսիյեանի, Դ. Գալստեանի, Գ. Բաղունցի, Ա. Յարութիւնեանի կողմէ օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած «բռնագրաւուած տարածքներու մասին» օրէնքի նախագիծը:

Նախագիծը ընդունուեցաւ 31 կողմ, 0 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայներով:

Սոյն օրէնքը կը սահմանէ 1991-1994 եւ 2016 թուականներուն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ 2020 թուականին Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու անմիջական մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ իրականացուած ռազմական յարձակման հետեւանքով բռնագրաւուած տարածքներու իրաւական կարգավիճակին ու անոնց վրայ տարածուող իրաւական յատուկ կարգին, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կազմակերպութիւններու գործունէութեան առանձնայատկութիւններու, մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական անձերու իրաւունքներու եւ շահերու պահպանութեան ու պաշտպանութեան հետ կապուած յարաբերութիւնները:

Բռնագրաւուած տարածքները Արցախի Հանրապետութեան անբաժանելի մասն են, որոնց վրայ կը տարածուի Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան գործողութիւնը:

Յարակից զեկուցմամբ, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Դաւիթ Պապայեան կարեւորեց օրէնքի ընդունումը` նկատելով, որ թերեւս քիչ մըն ալ ուշացած ենք. «Ի վերջոյ, մեր երկրի մեծ մասը բռնագրաւուած է եւ մենք պարտաւոր ենք ունենալ այս օրէնքը: Այն իր մէջ ներառում է ԱԺ ժողովրդի, իշխանութեան տեսլականը` իր անցեալի, ներկայի եւ ապագայի նկատմամբ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment