Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սուրիկ Խաչատրեանին Եւ Անոր Ընտանիքին Պատկանող Գոյքերուն Նկատմամբ Արգելանք Կիրառուած Է

Սուրիկ Խաչատրեանին Եւ Անոր Ընտանիքին Պատկանող Գոյքերուն Նկատմամբ Արգելանք Կիրառուած Է

by MassisPost

Սիւնիքի մարզի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանը, անոր կինը` Լորեթա Բարսեղեանը, երկու որդիները` Տրդատ եւ Տիգրան Խաչատրեանները, ինչպէս նաեւ անոնց հետ փոխկապակցուած երկու անձեր հրաւիրուած են Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն:

Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան կողմէ հայցի նախնական ապահովման միջոցներ կիրառելու նպատակով ներկայացուած միջնորդութիւններու հիման վրայ, դատարանին որոշմամբ այդ անձերու գոյքերուն նկատմամբ արգելանք կիրառուած է: Անոնց մասով` ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման ուսումանասիրութիւնը աւարտած է, Խաչատրեանները հրաւիրուած են Դատախազութիւն` ծանօթանալու իրենց գոյքին վերաբերող ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն եւ դիրքորոշում յայտնելու անոնց առնչութեամբ:

Պաշտօնական յայտարարութիւններու «Azdarar.am» կայքին մէջ նշուած է, որ Սուրիկ Խաչատրեանին եւ իր ընտանիքին Փետրուար 24-ին կ’առաջարկուի ներկայանալ ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment