Home Uncategorized ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարը Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Հետ

ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարը Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Հետ

by MassisPost

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը Սթոքհոլմի մէջ հանդիպած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարին հետ։

«Կարեւորուեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի լիարժէք վերսկսումը՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի մանտաթով»,-Թուիթերին մէջ գրած է Արարատ Միրզոյեան` աւելցնելով, որ հանդիպումը անցած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ։

ԱԳՆ հաղորդագրութեան համաձայն` Միրզոյեան Պլինքընին ներկայացուցած է տարածաշրջանի սահմանային վերջին լարուածութեան հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Անոնք կարեւորած են իրավիճակի ապամագլցման ուղղուած քայլերու իրագործումը։

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան` պաշտօնեաները շեշտած են մարդասիրական հարցերու լուծման անհրաժեշտութիւնը, անոնց կարգին` ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու վերադարձը, հաղորդած է հայկական կողմը:

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը հանդիպած է նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարին հետ։ «Կողմերը քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը, անոնց կարգին՝ տնտեսութեան, ուժաբանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ»,- յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Ըստ պաշտօնական Պաքուին՝ Պայրամովը պետական քարտուղար Պլինքընին ներկայացուցած է իրավիճակը Հարաւային Կովկասի անցեալ տարուայ պատերազմէն ու հրադադարէն յետոյ, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի վերջին լարուածութան պատճառները։

Միացեալ Նահանգները ողջունած է ուղիղ երկխօսութեան վերականգնումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Այդ մասին Դեկտեմբեր 2-ին յայտարարած է պետական քարտուղար՝ Էնթոնի Պլինքընը Սթոքհոլմի մէջ ԵԱՀԿ նախարարարական խորհուրդի նիստին։

«Կը յորդորենք երկու կողմերը առաջընթացի հասնիլ մարդասիրական հարցերուն մէջ, անոնց կարգին՝ գերիներու, ականազերծման, անհետ կորածներու, մարդու իրաւունքներու ենթադրեալ խախտումներու հետաքննութեան ուղղութեամբ»,- յայտարարած է Պլինքըն։

Պետական քարտուղարը կոչ ըրած է Պաքուին եւ Երեւանին նաեւ կարգաւորել մինչ օրս չլուծուած միւս հարցերը, մասնաւորապէս, սկսելու սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման, վերականգնելու տնտեսական ու փոխադրային կապերը, ինչպէս նաեւ «շարունակելու փոխգործակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հետ՝ ղարաբաղեան խնդրի խաղաղ կարգաւորման համար»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment