Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կլիմայի Փոփոխութիւնը Մարդկութեան Սպառնացող Վտանգ

Կլիմայի Փոփոխութիւնը Մարդկութեան Սպառնացող Վտանգ

by MassisPost

Այս օրերուն Սկովտիոյ Կլասքօ քաղաքին մէջ տեղի կ’ունենայ Կլիմայի փոփոխութեան նուիրուած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հովանաւորած միջազգային համաժողովը, որուն կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ:

2015 թուականի Դեկտեմբերին, 196 երկիրներ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ ստորագրեցին միջազգային առաջին պայմանագիրը` միացեալ ուժերով պայքարելու համար կլիմայի փոփոխութեան եւ երկրագունդի ջերմութիւնը 2 աստիճանէն  վար իջեցնելու նպատակաւ: Այս ուղղութեամբ պայմանագիրը ստորագրող երկիրները խոստացան նուազեցնել թունաւոր նիւթերու արտացայտումը  ու այդ ընելու համար ապաւինիլ ուժանիւթերու այլընտրանքային միջոցներուն եւ ելեքտրական հոսանք արտադրելու համար օգտագործել արեգակային կամ արեւային միջոցներ` փոխանակ ածուխի, որ կ’ապականէ  մթնոլորտը ու կը վնասէ մարդու առողջութեան եւ կենսամակարդակին:

Մեծ թիւով գիտնականներ համակարծիք են, որ կլիմայի փոփոխութեան պատճառաւ ու երկրագունդի տաքացման հետեւանքով կլիման դարձած է  աւելի անկանխատեսելի, որոտամրրիկները աւելի ուժեղ, ձմեռնային եղանակը աւելի ցուրտ, իսկ ամառները` աւելի տաք: Այս է պատճառը որ յաճախ ականատես կ’ըլլանք` տարբեր երկիրներու մէջ անտառային հսկայ հրդեհներու եւ մարդկային ու նիւթական վնասներու: Երաշտը դարձած է աւելի սաստիկ, իսկ  կը բարձրանայ ովկիանոսներու մակարդակը` ծովեզերեայ հողերը անցնելով ջուրի տակ:

Ինչպէս ամէն հարցի մէջ, այս պարագային եւս կան կլիմայի փոփոխութիւնը ուրացողներ, որոնց կարծիքով ահազանգ հնչեցնողները չափազանցութիւններու կ’երթան:

Կլասքոյի մէջ նախագահ` Ճօ Պայտըն ներողութիւն խնդրեց իր նախորդի` Տոնալտ Թրամփի  Փարիզի պայմանագիրէն դուըս գալու որոշումին համար եւ խոստացաւ, որ Միացեալ Նահանգները այս հարցով դարձեալ պիտի ստանձնէ առաջնորդողի իր դերը:

Կասկած չկայ որ, կլիմայի փոփոխութիւնը իրականութիւն է եւ իւրաքանչիւր երկիր եւ անհատ ունի իր կատարելիք դերը` կլիմայի փոփոխութեան պատճառաւ մարդկութեան սպառնացող վտանգին դէմ պայքարելու ուղղութեամբ,   որպէսզի յառաջիկայ սերունդները եւս կարողանան ապրիլ այս գեղեցիկ ու հրաշալի երկրագունդին վրայ` վայելելով անոր բոլոր բարիքները:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment