Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստանը Տարածաշրջանին Մէջ Ժողովրդավարութեան Փայլող Աստղն Է». ԵԽԽՎ Համազեկուցողները՝ Վարչապետ Փաշինեանին

«Հայաստանը Տարածաշրջանին Մէջ Ժողովրդավարութեան Փայլող Աստղն Է». ԵԽԽՎ Համազեկուցողները՝ Վարչապետ Փաշինեանին

by MassisPost

Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԽԽՎ-ի (Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողով) մշտադիտարկման յանձնաժողովի՝ Հայաստանի հարցերով համազեկուցողներ՝ Քիմօ Քիլիւնըն եւ Պորիանա Ապերկ:

Ողջունելով ԵԽԽՎ-ի համազեկուցողները՝ վարչապետը նշած է.

«Յարգելի գործընկերներ,

20 տարուայ ընթացքում մենք մշտապէս բարձր ենք գնահատել Եւրոպայի խորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովում եւ Եւրոպայի խորհրդին մեր անդամակցութիւնը եւ դա դիտարկել ենք որպէս մեր երկրում ժողովրդավարական բարեփոխումներին աջակցող կարեւորագոյն մասնակցութիւն: Երբ մենք անդամագրւում էինք Եւրոպայի խորհրդին, մեր անդամակցութեան փաստաթղթերում 2 հիմնական ուղղութիւն կար, որոնք կարեւոր էին այդ շրջանում՝ մէկը ժողովրդավարութիւնն էր, միւսը՝ խաղաղութիւնը:

Պէտք է արձանագրեմ, որ ժողովրդավարութեան ոլորտում շօշափելի յաջողութիւններ ունենք եւ կարող ենք վերջապէս արձանագրել, որ ժողովրդավարական ոլորտի մեր յաջողութիւններն այնպիսին են, որ տեսնում եւ արձանագրում է նաեւ միջազգային հանրութիւնը: Ուրախ եմ նաեւ, որ Եւրոպայի խորհուրդն է դա տեսնում եւ արձանագրում: Կարծում եմ, որ յատկապէս վերջին շրջանի իրադարձութիւններն ակնյայտ են դարձնում ժողովրդավարական գործընթացների անշրջելիութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնում: Մենք թերեւս արագութիւնները կարգաւորելու խնդիր ունենք, եւ շատ կարեւոր է, որ ճիշդ արագութիւն որդեգրենք այդ փոփոխութիւնների համաթեքսթում: Մէկ բան ակնյայտ է՝ երկար տարիներ Հայաստանում առկայ հիմնական խնդիրը նոյնքան հիմնական կերպով լուծուած է. խօսքն ընտրութիւնների արդիւնքների վստահելիութեան մասին է, եւ այս առումով, ի հարկէ, մենք գնահատում ենք այն ներդրումը, որ 20 տարուայ ընթացքում ԵԽ-ն ունեցել է Հայաստանին ժողովրդավարութեան հարցում աջակցելիս:

Միւս հարցում մենք խնդիրներ ունենք. մեր տարածաշրջանում, ցաւօք, կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը շատ մեծ հարուածի տակ են, եւ այն փաստը, որ մենք մինչեւ հիմա ունենք, ի հեճուկս 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, գերիներ Ատրպէյճանում, սրա ամենավառ արտայայտումն է: Ես շատ բարձր եմ գնահատում, որ ԵԽԽՎ-ում այս խնդիրը բարձրաձայնուեց եւ արձանագրուեց: Դա իսկապէս կարեւոր է: Կարեւոր է նաեւ, որ Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանը մի շարք հարցերում շատ սկզբունքային դիրքորոոշում է արտայայտում: Սա էլ աւելի է ընդգծում Եւրոպայի խորհրդին մեր անդամակցութեան կարեւորութիւնը:

Այնուամենայնիւ, ի հեճուկս բոլոր մարտահրաւէրների եւ դժուարութիւնների՝ ՀՀ կառավարութիւնը որդեգրել է Հայաստանի եւ տարածաշրջանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան բացելու քաղաքականութիւնը: Վատ լուրն այն է, որ դա միայն մեզնից չէ կախուած, աւելի ճիշդ վատ լուրն այն է, որ այս օրակարգը ոչ բոլորն են կիսում եւ, յամենայնդէպս, խաղաղութեան յարաչափերի պատկերացումները նոյնական չեն: Բայց մենք պիտի հետեւողական շարունակենք աշխատել այդ ուղղութեամբ: Ամէն դէպքում այս հարցում ունենք նաեւ մեր միջազգային գործընկերների աջակցութեան կարիքը: Կրկին ուզում եմ ողջունել ձեզ եւ ուրախ եմ այս առիթի համար, որպէսզի մեր գործերի ընթացքը քննարկենք»:

ԵԽԽՎ-ի մշտադիտարկման յանձնաժողովի՝ Հայաստանի հարցերով համազեկուցող Պորիանա Ապերկ իր խօսքին մէջ նշած է. «Պարոն վարչապետ, կը ցանկամ իմ եւ իմ գործընկերներու երախտագիտութիւնը յայտնել մեզի այստեղ հրաւիրելու համար: Նաեւ կը ցանկամ շնորհաւորել ձեզի՝ 2021 թուականի ամրան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելու որոշման եւ այդ ընտրութիւններուն ձեր համոզիչ յաղթանակին համար: Ատիկա յաղթանակ էր ոչ միայն ձեր համար, այլ նաեւ յաղթանակ էր Հայաստանի ժողովրդավարութեան համար: Ինչպէս դուք արդէն նշեցիք, Հայաստանը շատ ձեռքբերումներ ունեցած է ժողովրդավարութեան ոլորտին մէջ: Վերջին 3 օրուայ ընթացքին մենք հնարաւորութիւն ունեցած ենք հանդիպելու շատ մարդոց հետ, այցելելու շարք մը կառոյցներ, ինչպէս, օրինակ, Քորուփցիայի կանխարգիլման յանձնաժողովը եւ այլ մարմիններ: Եւ իսկապէս ուրախալի է տեսնել, որ ձեր երկիրը տարածաշրջանի ժողովրդավարութեան փայլող աստղն է»:

Իր հերթին Քիմօ Քիլիւնըն ըսած է. «Շնորհակալութիւն, պարոն վարչապետ: Առաջին հերթին, որպէս Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ, ԵԽԽՎ անունով կը ցանկամ շնորհաւորել ձեզի ընտրութիւններու լաւ կազմակերպման համար: Մենք դիտորդ եղած ենք եւ արձանագրած ենք, որ ընտրութիւնները համապատասխանած են միջազգային չափանիշներուն եւ յանձնառութիւններուն: Անձնապէս կը ցանկամ շնորհաւորել ձեզի ընտրութիւններու յաղթանակի կապակցութեամբ: Այս ընտրութիւնները ձեր եւ ձեր կուսակցութեան համար շատ աւելի կարեւոր էին, քան թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ կայացած ընտրութիւնները, քանի որ այժմ իրավիճակը աւելի կայունացած է եւ կրնաք իրագործել ձեր ծրագիրը: Ձեր կառավարութեան ծրագիրը ստացած է ժողովուրդի ուժեղ մանտաթը, եւ վստահելիութիւնը երաշխաւորուած է ընտրութիւններու արդիւնքներով»:

ԵԽԽՎ-ի մշտադիտարկման յանձնաժողովի՝ Հայաստանի հարցերով համազեկուցողները նաեւ կարեւորած են տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղղութեամբ մասնակից բոլոր երկիրներու ջանքերը եւ նշած, որ կը շարունակեն բարձրաձայնել Ատրպէյճանի մէջ հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու անյապաղ ազատ արձակման անհրաժեշտութեան մասին:

Կողմերը մտքեր փոխանակած են յետպատերազմեան իրավիճակին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, մեր երկրի ժողովրդավարական հաստատութիւններու կայացման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ոլորտային շարք մը բարեփոխութիւններու վերաբերող հարցերու շուրջ:

Վարչապետը անդրադարձած է դատաիրաւական, հակաքորուփցիոն, սահմանադրական, հաստատութենական, ընտրական բարեփոխութիւններուն, նաեւ ընդգծած խօսքի ազատութեան ոլորտի առաջընթացը՝ նշելով, որ Հայաստանի մամլոյ եւ արտայայտուելու ազատութիւնը երբեք չէ եղած այնպիսի բարձր մակարդակի, ինչպիսին է 2018 թուականէն յետոյ եւ հիմա: Նիկոլ Փաշինեան շեշտած է, որ Հայաստանը յանձնառու է ժողովրդավարութեան հզօրացման օրակարգին եւ պիտի շարունակէ հաստատակամօրէն առաջ ընթանալ այդ ճանապարհով:

Արծարծուած են նաեւ խորհրդարանական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment