Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստանը Անպատասխան Կը Ձգէ Խաղաղութեան Պայմանագրի Շուրջ Ատրպէյճանի Առաջարկները» Ալիեւ Դժգոհ Է

«Հայաստանը Անպատասխան Կը Ձգէ Խաղաղութեան Պայմանագրի Շուրջ Ատրպէյճանի Առաջարկները» Ալիեւ Դժգոհ Է

by MassisPost

«Հայաստանը առայժմ անպատասխան կը ձգէ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ Ատրպէյճանի առաջարկները», – յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը Պաքուի մէջ կատարուող «Աշխարհը Covid-19-էն յետոյ» խորագրով համաժողովի ժամանակ:

«Հիմա մենք յետհակամարտային իրավիճակի մէջ ենք եւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ աշխատանքներ սկսելու համար շարք մը առաջարկներ ըրած ենք Հայաստանին, քանի որ մենք կ’ուզենք խօսիլ ոչ թէ պատերազմի, այլ խաղաղութեան եւ ապագայի մասին: Ցաւօք, այս առաջարկը դեռ անպատասխան կը մնայ: Միեւնոյն ժամանակ, մենք առաջարկած ենք աշխատանքներ սկսիլ մեր սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման ուղղութեամբ՝ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի հիման վրայ, որ կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքի նորմերուն: Եւ այս առաջարկը եւս չի քննարկուիր», -ըսած է Ալիեւը:

Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը հնարաւորինս կառուցողական մօտեցում ցուցաբերած է, չնայած իր տարածքներու 30-ամեայ բռնագրաւումին եւ կրած աւերածութիւններուն: Անոր խօսքով, պէտք է նայիլ առաջ՝ տարածաշրջանը դարձնելով անվտանգ ու կանխատեսելի, եւ պատրաստ ըլլալ լայնամաշտապ համագործակցութեան:

Ալիեւի համոզումով, հիմա ամէն ինչ կախուած է Հայաստանի դիրքորոշումէն. – «Մեր դիրքորոշումը լիովին յստակ է: Այսօր ես անգամ մը եւս կը յայտարարեմ, որ մենք պատրաստ ենք սկսիլ խաղաղութեան մասին երկխօսութիւնը, աշխատիլ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ, մենք պատրաստ ենք շրջել այս էջը, սկսիլ սահմանազատման գործընթացը: Բայց ինչպէս կը տեսնէք, Հայաստանէն պատասխան չկայ: Աւելի քան մէկ տարի է անոնք լուռ կը մնան: Չեմ կարծեր, որ անոնք հիմա այն իրավիճակի մէջ են, որ ընդդիմանան Ատրպէյճանի կառուցողական մօտեցման»։

Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ հարկ համարած է ընդգծել, որ եթէ հայկական կողմը իրենց լսեր բանակցային տարիներուն, այսօր նման վիճակի մէջ չէր յայտնուեր:

Խաղաղութեան դարաշրջանի մասին խօսող Հայաստանի իշխանութիւնները, իրենց հերթին, պարբերաբար յայտարարած են, որ պատրաստ են սկսիլ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը։ Անցեալ շաբաթ սակայն, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան շեշտած էր, որ հայկական կողմը կը սպասէ դրական ազդակի. – «Սպասում ենք դրական ազդակ այդ մասով Ատրպէյճանից, կարծես թէ սեպտեմբերին ՄԱԿ-ում նրանք այդպիսի յայտարարութիւն արել են, բայց մենք չենք կարողանում այս մասով առաջ գնալ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment