Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքու կը Պատասխանէ Հայկական Կողմին

Պաքու կը Պատասխանէ Հայկական Կողմին

by MassisPost

«Պաքուն կ’ենթադրէ, որ Հայաստանը կամ չ’ըմբռներ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան էութիւնը, կամ ի սկզբանէ մտադիր չէ եղած կատարել անոր պահանջները»:

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Հայաստանի ԱԳ նախարարութեան երէկուայ յայտարարութեանը, պնդելով, թէ հայկական կողմը կը փորձէ խուսափիլ ստանձնած պարտաւորութիւններէն:

«Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք այն հանգամանքին, որ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ «կողմերը կանգ կ’առնեն գրաւած դիրքերու վրայ»: Հարկ է ընդգծել, որ «կանգ առնել» չի նշանակեր «մնալ»: Ատիկա այդպէս է թէ՛ ռուսերէն, որով կազմուած է յայտարարութիւնը, եւ թէ՛ ուրիշ լեզուներով», – պնդած է Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութիւնը:

Բացի այդ, նշած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն, որ եռակողմ յայտարարութեան 3-րդ կէտի համաձայն, «ռուսաստանցի խաղաղապահները կը տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծի եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով»: 4-րդ կէտով սահմանուած է, որ «Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերու տեղակայման զուգահեռ դուրս պէտք է ելլեն հայկական զինուած ուժերը»:

6-րդ կէտով սահմանուած է, որ «Ատրպէյճանը կ’երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութեամբ քաղաքացիներու, փոխադրային միջոցներու եւ բեռներու տեղաշարժը»:

Այդպիսով, ըստ Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի, «եռակողմ յայտարարութեամբ յստակ նշուած է, որ հայկական զինուած ստորաբաժանումները դուրս կ’ելլեն Ատրպէյճանի տարածքէն, եւ որեւէ պարագայի չ’ենթադրուիր անոնց տեղափոխումը եւ տեղակայումը»:

Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութիւնը պնդած է, որ «հայկական կողմը կամ չ’ըմբռներ ստորագրած փաստաթղթի էութիւնը, կամ ի սկզբանէ մտադիր չէ եղած ամբողջ ծաւալով կատարել անոր պահանջները»:

«Նման կեցուածք կը վկայէ այդ երկրի ապակառուցողական դիրքորոշման մասին», – ըսուած է Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարութեան յայտարարութեամբ:

Ատրպէյճանի պնդումները, որ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը կը սահմանէ հայկական զօրամիաւորումներու դուրս ելլելը Լեռնային Ղարաբաղէն, բացայայտ կեղծիք է, յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Վերջին օրերին Ատրպէյճանի զինուած ուժերն աշխուժացրել են իրենց սադրիչ գործողութիւնները ինչպէս Հայաստանի զինուած ուժերի, այնպէս էլ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումների դէմ։ Թիրախաւորուել են նաեւ Հայաստան Հանրապետութեան եւ Արցախի բնակավայրերը։ Ատրպէյճանական կողմն իր յարձակողական գործողութիւնները փորձում է քողարկել մի կողմից հայկական կողմին մեղադրելով Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան խախտումների մէջ, իսկ միւս կողմից բացայայտ կերպով խեղաթիւրում է հենց նոյն Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը», – ըսուած է ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։

Հայաստանի ԱԳՆ-ն նշած է, որ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան առաջին կէտը յստակ կը սահմանէ. «…կողմերը կանգ են առնում իրենց զբաղեցրած դիրքերում» «Մինչդեռ Ատրպէյճանական զօրամիաւորումները յայտարարութեան ստորագրումից մէկ ամիս յետոյ յարձակում են սկսել Արցախի Հադրութի շրջանի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերի ուղղութեամբ, ինչի արդիւնքում զաւթել են այդ բնակավայրերը, սպանել եւ գերեվարել հայ զինծառայողներին։ Ներկայումս ատրպէյճանական կողմը նոյնպէս փորձում է նոր դիրքեր զբաղեցնել շփման գծի տարբեր հատուածներում՝ տարբեր զինատեսակներով այդ թւում՝ անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորելով հայ դիրքապահներին», – նշուած է յայտարարութեամբ։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը, ըստ ԱԳՆ-ին, այսօր ալ ՌԴ խաղաղապահներուն հետ կ’ապահովէ Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը եւ կեանքի իրաւունքը. «Առանց Պաշտպանութեան բանակի Արցախի ժողովուրդը չի կարող գոյատեւել իր պատմական հայրենիքում եւ Պաշտպանութեան բանակը Արցախից դուրս բերելու սենարը Արցախը հայաթափելու սենար է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment