Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Դատապարտելի կը Համարէ Ատրպէյճանի Կողմէ Եռակողմ Յայտարարութիւններու Խախտման Փորձերը

Փաշինեան Դատապարտելի կը Համարէ Ատրպէյճանի Կողմէ Եռակողմ Յայտարարութիւններու Խախտման Փորձերը

by MassisPost

«Շահագրգռուած ենք, որ Հայաստանի եւ ողջ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ զարգացում տիրեն», – Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ առանձնազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ՝ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին, որ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի:

Ըստ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, Նիկոլ Փաշինեան նշած  է. «Երկկողմ յարաբերութիւնների մեր օրակարգը շատ լայն է՝ սկսած փոխադրային հաղորդակցութիւններից, աւարտած ուժանիւթով, հաղորդակցութեան ուղիներով։ Ի հարկէ, «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարը նոյնպէս մեր համատեղ օրակարգի կարեւոր հարցերից է»։

Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի առանձնազրոյցէն յետոյ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։

Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ առանձնազրոյցի ծիրին մէջ Վրաստանի վարչապետի հետ քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր եւ փոխանակած միտքեր այսօր Սիւնիքի մարզի մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ:

Զրուցակիցները ընդգծած են, որ թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Վրաստանը շահագրգռուած են տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանմամբ, ինչ որ կարեւոր է համագործակցութեան զարգացման համար: Փաշինեան դատապարտելի համարած է Ատրպէյճանի կողմէ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եւ 2021-ի Յունուար 11-ի եռակողմ յայտարարութիւններու խախտման փորձերը:

Հայաստան-Վրաստան առեւտրատնտեսական կապերու խթանման շրջածիրին մէջ կարեւորութիւն տրուած է փոխադրային հաղորդակցութիւններու, ներառեալ երկաթուղային ենթակառուցուածքներու զարգացումը: Երկուստեք հեռանկարային համարուած է փոխգործակցութեան հնգակողմ՝ Հայաստան-Վրաստան-Պուլկարիա-Յունաստան-Իրան ձեւաչափը եւ «Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային փոխադրային միջանցքի ստեղծման մասին» համաձայնագիրի նախագիծի շուրջ աշխուժ աշխատանքը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին անդրադարձած են նաեւ «Քորոնա» ժահրի համավարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու հարցին եւ փոխանակած տեղեկատուութիւն անոնց վերացման ուղղութեամբ կատարուող քայլերու վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment