Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՔՊ-ն Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի Որպէս Առանձին Կուսակցութիւն

ՔՊ-ն Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի Որպէս Առանձին Կուսակցութիւն

by MassisPost

«Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը արտահերթ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի ոչ թէ դաշինքով, այլ որպէս առանձին կուսակցութիւն, այսօր Ազգային ժողովէն ներս, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին, ըսաւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունց։

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը դաշինքով չի մասնակցելու ընտրութիւններին, այլ մասնակցելու է որպէս առանձին կուսակցութիւն», – ըսաւ Մակունցը՝ նշելով, ինչպէս վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, «Ապագայ կայ»-ն կը դառնայ իրենց կարգախօսը։

Թէ որոնք կ’ըլլան նախընտրական ցուցակներուն վրայ, Մակունց անուններ չցանկացաւ նշել, սակայն ընդգծեց, թէ նոր անուններ կ’ըլլան ցուցակին վրայ։

«Ցուցակների հետ կապուած խնդրում եմ թոյլ տուէք այս պահին որեւէ հրապարակում չանել մի քանի պատճառով, առաջինը՝ որովեհտեւ արդէն ներկայացրել եմ, որ Մայիսի 10-ից յետոյ անպայման կը սկսենք ներկայացնել, թէ ցուցակներն ինչ տրամաբանութեամբ կը լինեն, ովքեր ներգրաւուած կը լինեն, խմբակցութիւնն ամբողջութեամբ ներգրաւուած կը լինի եւ այլն։ Կ’ասեմ, որ նոր մարդիկ կը լինեն նախընտրական ցուցակում եւ նաեւ ցուցակը կազմուելու է առաջին հերթին Կուսակցութունների մասին օրէնքին համապատասխան», – ըսաւ իշխող խմբակցութեան ղեկավարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment