ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի աւելի քան 100 անդամներ, ամերիկեան առաւել քան 20 նահանգէ, երկկուսակցական նամակով Պայտընի վարչակազմին կոչ ըրած են յստակ քայլերով սատարելու Արցախի գոյատեւման ու Հայաստանի անվտանգութեան։
ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարին եւ պաշտպանութեան նախարարին հասցէագրուած նամակով ընդգծուած է ԼՂ-ի շուրջ ստեղծուած ճգնաժամի լրջութիւնը, որ առաջացած է անցեալ տարուայ աշնան։
Քոնկրէսականները կ’առաջարկեն ԱՄՆ-ի կողմէ շտապ գործողութիւններ՝ հետեւեալ առաջնահերթութիւններով․
-ԱՄՆ-ի արտակարգ օգնութիւն, որ Արցախի ժողովուրդին հնարաւորութիւն տայ վերակառուցելու իրենց համայնքները եւ վերակազմակերպելու իրենց կեանքը՝ առանց հետագայ արիւնահեղութեան վախի:
-ԱՄՆ-ի վերաներգրաւումը տարածաշրջանային կայուն կարգաւորման որոնման մէջ, որ հիմնուած է ինքնորոշման հիմնարար իրաւունքի վրայ՝ պաշտպանելով Արցախի անվտանգութիւնը եւ բացառելով նոր պատերազմի բռնկումը:
-Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի եւ հակամարտութեան կարգաւորման գործով զայն՝ որպէս օրինական բանակցողի ճանաչում:
-ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան կողմէ հայ գերիներու ազատ արձակման ապահովում:
-Ամերիկեան հաշուետուողականութիւն, ներառեալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառում, Պաքուին ԱՄՆ-ի օգնութեան կասեցում եւ 907-րդ բանաձեւի պահանջներու կատարում:
-ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ատրպէյճանական յարձակումէն տեղահանուած հայերուն օգնութիւն ցուցաբերել:
-Նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում: